Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակէն ներս, անցեալ Չորեքշաբթի 30 Ապրիլի երեկոյեան, հանդիպում տեղի ունեցաւ «Անկախ Յոյներ» (ԱՆԵԼ) քաղաքական կուսակցութեան եւրոընտրութիւններու թեկնածու Փանաեոթիս Սղուրիտիսի հետ, ընդառաջելով թեկնածուի կողմէ ներկայացուած խնդրանքին։
Հանդիպման ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան եւ անդամ ընկ. Խաչիկ Ապարեան։
Մօտ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մօտ օրէն կայանալիք եւրոընտրութիւններու վերաբերող հարցեր, յատկապէս Հայ Դատի եւ հայութեան պահանջքներու, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի հարցերու մասին ԱՆԵԼ կուսակցութեան դիրքորոշումներն ու կեցուածքները։ Լայն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յունահայ գաղութի կառոյցներու եւ դպրոցային համակարգի մասին ու զրոյց ծաւալեցաւ Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող նիւթերու շուրջ։
Զրոյցի նիւթ դարձաւ նաեւ հելլէն խորհրդարանէն ներս քուէարկութեան ներկայացուելիք հակացեղապաշտական օրէնքի նախագիծի հարցը, ուր յստակ փոփոխութիւններու կարիգը կը զգացուի։
Պրն. Սղուրիտիս իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց իր ուշադրութեան յանձնուած հարցերուն կապակցութեամբ, հայութիւնը յուզող նիւթերուն շուրջ պատրաստակամութիւն ցոյց տալով՝ անկախ իր ընտրութեան հնարաւորութենէն։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Սղուրիտիսին, քաջալերական իր կեցուածքը յայտնելով նախընտրական իր պայքարին ընթացքին, յատկապէս նկատի առնելով թէ ինք կþառաջադրուի զգայուն եւ նուրբ հարցեր դիմագրաւող Թրակիոյ շրջանէն։
Նկար՝ Փանաեոթիս Սղուրիտիսը