Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու՝ Վերա Եագուպեան Ապրիլ 23ին «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանի (Լեպանիզ Ինթըրնեշընըլ Եունիվըրսիթի) Ժտէյտէի մասնաճիւղին մէջ դասախօսեց Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին:
Ներկայ էր նաեւ համալսարանի տնօրէն դոկտ. Կապի Խուրի:
Դասախօսութեան ընթացքին Վ. Եագուպեան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններուն, հայութեան կողմէ Թուրքիոյ ներկայացուած պահանջներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, ինչպէս նաեւ նիւթական ու բարոյական հատուցումին առումով:
Ան յատուկ կերպով շեշտեց Ցեղասպանութենէն ետք ընդհանրապէս արաբ ժողովուրդին եւ յատկապէս լիբանանցիներուն ցուցաբերած վերաբերմունքը` հայութեան նկատմամբ:
«Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ քաղաքական կառուցուածքը օժանդակեցին, որ հայութիւնը բարգաւաճի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային մարզերուն մէջ եւ նպաստէ Լիբանանի վերելքին: Այդ պատճառով լիբանանահայը դարձաւ երկրին ընկերային հիւսուածքին անքակտելի մասնիկներէն մէկը», եզրափակեց Վ. Եագուպեան: