ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ԴԱՓՆԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄՆԵՐ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵՐԵՔ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

1915ի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին

Երէկ Կիրակի 27 Ապրիլին, երեք քաղաքական ձեռնարկներով Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ, յունահայութիւնը վերահաստատեց իր ազգային պահանջատիրութիւնը՝ յանուն հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան հաստատման:

Երեք քաղաքներուն մէջ հայութեան արդար պահանջատիրութեան ձայնը անգամ մը եւս լսելի դարձաւ յունական եւ միջազգային պետական ու հանրային կարծիքին մօտ։
Ներկայ գտնուեցան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ եւ զինուորականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:

Երէկ Կիրակի 27 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11.30ին, Աթէնքի կեդրոնէն ներս գտնուող Ռազմական թանգարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդի, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 99-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկը, ուր ներկայ եղան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ ու զինուորականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:
Հելլէն խորհրդարանը ներկայացուց Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հետեւեալ քաղաքական անձնաւորութիւնները.- խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, Հայ-Յունական բարեկամութեան խումբի քարտուղար Անտոնիս Փաւլիտիս, եւրոերեսփոխան եւ Ատիկէի մարզպետութեան թեկնածու Եորղոս Քումուցաքոս, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Վենիզէլոսի կողմէ Ի. Տողորիթիս, հելլէն խորհրդարանական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ Տիմիթրիս Փափատիմուլիս, Վասիլիս Քափերնարոս, Խրիսթոս Գացիոթիս, Մարիա Եանաքաքի, երեսփոխաններ Գոսթաս Գացաֆատոս, Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Էլէնի Զարուլիա, Նիքոլաոս Միխոս, Ատիկէի փոխ մարզպետ Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու, Ատիկէի մարզպետութեան կողմէ Ակելոս Վուրաքիս, Փիրէայի քաղաքապետ Վասիլիս Միխալոլիաքոս, Նիքէա -Ռենտիի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլէնի Ռումեան, Աթէնքի փոխ քաղաքապետներ Եորղոս Փափանտրէու եւ Նանա Սփիրոփուլու, Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Եորղոս Պրուլիաս, մարզային թեկնածու Ակելոս Սթրաթիքիս, Յունաստանի ցամաքային ուժերու ներկայացուցիչ զօր. Մանծաքոս, ծովային ուժերու ներկայացուցիչ ծով. Էմանուիլ Սթելիուտաքիս, հելլէն ոստիկանութեան ներկայացուցիչ Գոնսթանտինոս Քալիվաս, Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուչիներ եւ թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ ասորական, յունական եւ պոնտական քաղաքական-ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համալսարանական փրոֆէսէօրներ:
Օտար դիւանագէտներու ներկայութիւնը յատկանշական էր: Ներկայ գտնուեցան Անկոլայի, Խրուաթիոյ, Ռուսաստանի, Իրաքի, Սերպիոյ, Գոնկոյի, Եգիպտոսի, Չինաստանի դեսպաններ եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, յոյն-լիբանանեան միութեան փոխ նախագահը, ինչպէս եւ Յունաստանի ռազմական կցորդներու նախագահ Սպանիոյ ռազմական կցորդը եւ Լիպիոյ կցորդը, Յունաստանի «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանի պետ Քարիոթիս Խրիսթոս:
Օտար հիւրերուն համար նախատեսուած էր խօսքերու թարգմանութիւնը անգլերէն լեզուով:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, կրօնական հայ յարանուանութեանց պետերը եւ կրօնական դասը:
Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան եւ անդամները, Ռ.Ա.Կ.ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պրն. Յովհաննէս Առաքելեան եւ անդամներ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Ռ.Ա.Կ.ի Հայ Իրաւանց խորհուրդը, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, յունահայ համայնքի բոլոր միութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ վարչութիւններ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանէն ներս ուսանող հայ կուրսանդները, իրենց ղեկավար՝ Հայաստանի ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի գլխաւորութեամբ:
Ձեռնարկի մուտքին կանգնած էին եւ պաշտօնական հիւրերը պատուի կ’առնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց լրիւ կազմերով, գայլիկ-արծուիկներով եւ խմբապետներու առաջնորդութեամբ գլխաւորեցին նաեւ քայլարշաւը, դէպի Սինտաղմա:

Յայտագիր
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստագրական վիտէօ երիզի մը ցուցադրութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններով եւ պատմական լուսանկարներով՝ «20 ձայներ» խորագիրով:
Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ օրուայ նախագահ Յակոբ Առաքելեանը, որ յաջորդաբար ողջոյնի խօսքեր ուղղելու հրաւիրեց պաշտօնական հիւրերը:
Խօսք առաւ Ատիկէի մարզպետի տեղակալ տիկին Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու, դիտել տալով թէ յուշի երեկոյի կազմակերպումը խորապէս զգացուած անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ անցեալը երկրորդ սիրտ մըն է, որ կը բաբախէ մեր մէջ: Ան դիտել տուաւ թէ պատմութիւնը գործիք է մարդկութեան ձեռքին, որ մշտական խաղաղութեան կ’առաջնորդէ, երբ իրարու հասկացողութեան եւ համագործակցութեան դասեր կը փոխանցէ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը (խօսքը կարդալ առանձին)։
Յաջորդաբար խօսք ուղղեց հելլէն խորհրդարանի եւ նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի կողմէ Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս։ Խօսելով Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան մասին՝ հելլէն խորհրդարանի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 24ի նախօրեակին ուղղած խօսքերը յայտնի կը դարձնէին թէ Թուրքիա ուժը չունեցաւ ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ կեղծաւոր ուղերձով մը փորձեց բաւարարուիլ: Ան շեշտեց թէ մերժումը արգելք է տարածաշրջանէն ներս ճշմարիտ յարաբերութիւններու մշակման գործընթացին մէջ:

Բանախօսութիւն
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ բանախօս Թեսաղոնիկէի համալսարանի արդի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Վլասիս Աղծիտիս, որ մանրամասն իր ներկայացման մէջ պարզեց Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ստեղծուած իրավիճակներու պատկերը, որ որպէս հիմք ծառայեց հետագային՝ Հիթլըրի վայրագութիւններուն: Ան բացատրեց թէ ինչպէս Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ եւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեանց հանդէպ բծախնդրօրէն մշակուած քաղաքականութիւնը՝ 20րդ դարուն մէջ ներմուծեց ազգերու դէմ բռնութեան միջոցաւ «մաքրագործման» երթալու գաղափարը, շեշտելով Օսմանեան կայսրութեան օրուայ քաղաքականութեան դրդապատճառները ու անդրադառնալով թուրքերու ստորակայութեան զգացումին՝ հանդէպ հայերուն եւ յոյներուն, երբ նոյն պահուն Երիտ-թուրքերու ուժերը կը յղանային փանթուրանիզմի գաղափարը, միազգեայ երկրի մը առաջնորդուելու որպէս նախապայման:

Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Մատլէն Պալատլեանը։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ գեղարուեստական կարճ բաժինով, Տիգրան Սարգսեանի կողմէ տուտուկի վրայ մեկնաբանուած հայկական երաժշտութեամբ:

Քայլարշաւ եւ Դափնեպսակներու զետեղում

Ձեռնարկի աւարտին, Աթէնքի քաղաքապետութեան ֆանֆարի, պաշտօնական հիւրերու եւ սկաուտական խումբերու գլխաւորութեամբ, ժողովրդային թափօրը յառաջացաւ դէպի Սինտաղմայի հրապարակ, ուր Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ դափնեպսակներ զետեղուեցան, Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Դափնեպսակներ զետեղեցին՝

– յունահայ գաղութի անունով ընկ. Շահան Ֆարաճեան,

– Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան,
– Ասորիներու միութեան կողմէ պրն. Քիրիաքոս Պացարաս,
– Աթէնքի քաղաքապետի կողմէ փոխ քաղաքապետ պրն. Եորղոս Փափանտրէու
– Ատիկէի մարզպետի կողմէ տեղակալ տիկին Աննա Փափատիմիթրիու-Ցացու,
– Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան,

– Հելլէն խորհրդարանի կողմէ Ա. փոխ նախագահ Իոանիս Թրաղաքիս:

Քայլարշաւի ամբողջ ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեան անդամները պահանջատիրական լոզունգներով պաստառներ պարզած էին

Հելլէն մամուլին անդրադարձը

Անցնող օրերուն հելլէն ելեկտրոնային լրատուական կայքէջեր, ինչպէս եւ տպագիր ազդեցիկ թերթեր («Էլէֆթէրոթիփիա», «Քաթիմերինի») լրատուութեամբ եւ տարբեր յօդուածներով անդրադարձան յունահայ գաղութի պահանջատիրական ձեռնարկներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստին, յուշելով հայութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:
Յատուկ էին հեռատեսիլէն սփռուած երեք յայտագիրներ, Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներու կազմակերպման առիթով: Մէկը Ապրիլ 24ի առաւօտեան ժամը 8:45ին, Թեսաղոնիկէի TV 100 կայանէն սփռուած Պետրոս Հալաճեանի հարցազրոյցը, Ալեքսանտրուպոլսոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ սփռուած հարցազրոյցը, ինչպէս եւ Շաբաթ առաւօտուն, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ զետեղուած ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան նկարներու ցուցադրութեան կրպակին առջեւէն հաղորդուած լրատուութիւնը, SKAI կայանէն սփռուող Եորղոս Աֆթիասի յայտագրէն, ուր խօսեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Մարի Եղիշէյեան:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՆԷԱ ԶՄԻՌՆԻԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ԿԻՑ

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւնը կազմակերպուեցաւ Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2014ին, կէսօրէ ետք ժամը 16:30ին, Նէա Զմիռնիի «Էսթիա» մշակութային կեդրոնի հրապարակին վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին կից:

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին՝ «Զանգակ»ին շուրջ ընթացող նորոգութեան աշխատանքները պատճառ դարձան որ մի քանի մեթր հեռաւորութեամբ տեղի ունենայ հոգեհանգիստը, որ կազմակերպուեցաւ Աթէնքի մարզպետարանի նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կի Հայ Իրաւանց խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերուն եւ կրօնական դասուն կողմէ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւնը եւ հոգեհանգիստը Ապրիլեան Եղեռնի 1.500.000 զոհերու յիշատակին:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, եւ կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս:

Հելլէն հիւրերու կարգին ներկայ էին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, Ատիկէի կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս, Նէա Զմիռնիի մետրոպոլիտ Սիմէոն արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ հայր Նիկողայոսը, Նէա Զմիռնիի նախկին քաղաքապետ եւ քաղաքապետական թեկնածու Եորղոս Քութելաքիս, փոխ քաղաքապետներ Վանկելիս Խաչատուրեան, Տիոնիսիս Քոնիտարիս եւ Մարինա Իաքովաքի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Նասոս Աթանասիու, Նորա Ղալանոփուլու, Նոթիս Եածիտիս, Անկելոս Սուրվինոս, Աթանասիոս Աթանասիու, Սթաթիս Քուփաս, Իոանիս Տիմաքիս, Փանաեոթիս Ցիափիս, Տիմիթրիս Պիսալաս, քաղաքապետական թեկնածու Նիքոս Սթեֆոս, Նիքէա-Ռենտիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլէնի Ռումեան, ինչպէս նաեւ Նէա Զմիռնիի 4րդ նախակրթարանի տնօրէն Տիմիթրիս Սիութաս, Յունաստանի համապոնտական դաշնակցութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ռանիա Խրիսոխոյիտու, Աթէնքի աշխատաւորական կեդրոնի նախագահի տեղակալ Եանիս Վասիլոփուլոս:
Ներկայ էին Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Մինաս Մարտիկեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի զինուորական սպայից վարժարանի մէջ Հայաստանէն ուսանողները, գլխաւորութեամբ Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանի:
Ներկայ էին Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդն ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, յունահայ կրօնական դասը, ազգային մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հրապարակի մուտքին կանգնած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենուշներու կազմերը, որոնք պատուի կ’առնէին ժամանող պաշտօնական անձնաւորութիւնները: Իրենց կողքին շարուած էր նաեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան ֆանֆարը, որ նուագեց հայկական եւ յունական ոգերգները:
Օրուան հանդիսութեան նախագահեց ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան, որ յունարէն լեզուով փոխանցեց օրուան խօսքը:
Յաջորդաբար ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, եւ Ատիկէի կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս:
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, դատապարտեց յոյն եւ հայ զանգուածներուն դէմ թրքական պետութեան ոճրագործութիւնը: Ան յիշատակեց Նէա Զմիռնիի եւ հայրենի Սիսիան քաղաքապետութեան հետ բարեկամական սերտ յարաբերութիւնները, հաւաստիացնելով թէ հայութեան կողքին պիտի գտնուի միշտ:
Ատիկէի փոխ մարզպետը իր կարգին զօրակցական խօսքերով արտայայտուեցաւ:

Դափնեպսակներու զետեղում

Դափնեպսակներ զետեղեցին՝ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Ատիկէի կառոյցներու փոխ մարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեան, յունահայ գաղութի կողմէ պրն. Նշան Չուլուքեան:
Մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին, ապա Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի ֆանֆարը հնչեցուց հայկական եւ յունական ազգային քայլերգը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ, ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԵՒ ԴԱՓՆԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

Կիրակի 27 Ապրիլի առաւօտեան, «Վելիտիօ» սրահէն ներս տեղի ունեցած քաղաքական հանդիսութեան աւարտին, ժողովուրդը մասնակցեցաւ քայլարշաւի դէպի Գ. զօրաբանակի Անծանօթ Զինուորի յուշարձանը, ուր դափնեպսակներ զետեղուեցան

Կիրակի 27 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11ին, Թեսաղոնիկէի «Ի.Վելիտիս» խորհրդաժողովներու սրահէն ներս, հելլէն պետական-քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի 99ամեայ տարելիցին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկը։
Ներկայ գտնուեցաւ հելլէն կառավարութեան եւ վարչապետի ներկայացուցիչ պաշտպանութեան նախարարութեան քարտուղարը, ինչպէս եւ կրթութեան եւ կրօնից փոխ նախարար Գոնսթանտինոս Կիւլեքաս, Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետի պաշտօնի թեկնածու Եանիս Իոաննիտիս, ինչպէս նաեւ հելլէն խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Քալաֆաթիս, Օրֆանոս, Եաթաղանա:
Ներկայ եղան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան մարզպետ պրն. Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթաս, մարզպետ Եորղիոս Ցամասլիսի եւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ պրն. Եանիս Պութարիսի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայութեան արդար իրաւունքները հետապնդող պայքարին, խստօրէն դատապարտելով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը։

Ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Պետրոս Հալաճեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանորդ պրն. Մինաս Մարտիկեան, Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Վարդգէս Գունտաքճեան եւ անդամներ, հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ, Յունաստանի ցամաքային զօրքերու Գ. զօրաբանակի ղեկավարութիւնը եւ բարձրաստիճան զինուորականներ, Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ Թանիմանիտիս եւ Ափոսթոլիտիս, ինչպէս նաեւ մարզպետութեան ու քաղաքապետութեան ծառայողներ:
Օրուայ նախագահն էր Արթին Փափազեանը: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի խօսքը արտասանեց ընկ. Ռաֆայէլ Վարդազարեան:
Ելոյթ ունեցաւ Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտի հովանաւորութեան տակ գործող պատանեկան երգչախումբը:

Բանախօսութիւն
Օրուայ բանախօսն էր ընկերային գիտութեանց դասախօս փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ խօսեցաւ «Ցեղասպանութեան յուշ, թէ՞ յուշի ցեղասպանութիւն» նիւթին շուրջ, անդրադառնալով իր արդար իրաւունքներուն տիրանալու համար հայութեան տարած պահանջատիրական պայքարին, ինչպէս նաեւ հայրենի հողերէն հեռու ապրած օտարամոլութեան եւ ձուլումի դէմ տարուած յաջորդական սերունդներու պայքարին: Դասախօսը իր սահուն եւ գրաւիչ ոճով վառ պահեց հանդիսատեսներու ուշադրութիւնը:
Ան խօսելով ցեղասպանութեան մասին բացատրեց, թէ ազգի մը կրթութեան մաս պէտք է կազմէ ցեղասպանութեան մասին գիտութիւնը, ոչ միայն երիտասարդ սերունդներուն մէջ մարդկային արժէքները պահպանելու գաղափարը հասունցնելով, այլ նաեւ գործելով որպէս նմանօրինակ ոճիրներու կանխարգիլման միջոց: Ան խօսելով ցեղասպանութեան մերժումին դէմ քրէականացման գործընթացի մասին, դիտել տուաւ թէ այն ընկերութիւններէն ներս ուր հասկնալի չէ մարդկային տարրական իրաւունքներու յարգումը, միայն քրէական հետապնդումով կարելի է կասեցնել նման կեցուածքներ:

Քայլարշաւ

Ձեռնարկին աւարտին քայլարշաւ տեղի ունեցաւ դէպի Գ. Զօրաբանակի Անծանօթ Զինուորի յուշարձանը, ուր դափնեպսակներ զետեղեցին՝
– Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանորդ պրն. Մինաս Մարտիկեան
– Թեսաղոնիկէի մարզպետ Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթասի ներկայացուցիչը,
– Թեսաղոնիկէի փոխ մարզպետ պրն. Ցամասլիսի ներկայացուցիչը,
– Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Իոաննիս Պութարիսի ներկայացուցիչը,
– Գ. Զօրաբանակի հրամանատար զօրավարը,
– Նէափոլիի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչը,
– հայ գաղութի կողմէ Խրիսթոս Սվազլեանը:

Պաշտօնական արարողութեան աւարտին Թեսաղոնիկէի հայ գաղութը «Զաքարեան» կեդրոնէն ներս հիւրասիրեց օրուայ բանախօս փրոֆէսէօրը, երկար զրուցելով եւ օգտակար քննարկումներ կատարելով իր հետ:
Նշենք, որ Հինգշաբթի Ապրիլ 24ի առաւօտուն, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցած էր Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մարզային եւ քաղաքապետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, գլխաւորութեամբ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Իանիս Պութարիսի:

ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Կիրակի 27 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնակը Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետարանի սրահին մէջ։

Ներկայ էին Էվրուի փոխ նահանգապետի ներ- կայացուցիչ պրն. Իոաննիս Գանելաքիս, քաղաքապետ պրն. Էվանկելոս Լամպաքիս, փոխ քաղաքապետ պրն. Խրիսթոս Երաքոբուլոս, երեսփոխաններ, Հ.Հ. հիւպատոս տիկ. Մարիամ Յարութիւնեան, հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Մաննիկ Աշրեան, Միջթաղայինի ատենապետ պրն. Թագւոր Գարաօղլանեան, յոյն մետրապոլիտի, զօրանոցի ու ոստիկանութեան ներկայացուցիչները, Թաղային խորհուրդներու ատենապետեր, անդամներ եւ մեծ թիւով ժողովուրդ՝ հինգ քաղաքներէ ժամանած։
Բացման խօսքը կատարեց տիկ. Վիվիան Գուրպանեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւպատոսը, փոխ նահանգապետի ներկայացուցիչն ու քաղաքապետը։ Ապա բէմ հրաւիրուեցաւ բանախօս փրոֆ. Իագովոս Աքցօղլուն, որ ներկայիս Տիմոքրիթիօ համալսարանի մէջ կը պաշտօնավարէ։ Ան 1878-1915 թուականի Հայ ժողովուրդի պատմականը կատարելէ ետք, յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ու հետագայի քաղաքական իրադարձութեանց մասին։ Կարեւորութեամբ նշեց այդ օրերու հայ եկեղեցականներու, քաղաքական դէմքերու ու մտաւորականներու կորուստը, որու համար թուրք պետութիւնը մեծ աշխատանք տարած էր ցեղասպանութեան թուականէն շատ առաջ։ Դասախօսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն։
Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Արտասանութիւն. պրն. Արայիկ Վարդանեան «Հայաստան Աշխարհ» կտորը։ Տիկ. Գայիանէ Դաւթեան Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»ը։ Տիկ. Հերմինէ Գուրպանեան Սիամանթոյի «Աղօթք»ը յունարէնով։
Դաշնակի վրայ նուագ տիկ. Նայիրա Ունանիտուի կողմէ, Կոմիտասի «Վաղարշապատի Պար»ը։
Երգ տիկ. Նայիրա Ունանիտուի կողմէ, Կոմիտասի «Գարուն Է» կտորը։
Տուտուկի նուագ պրն. Վարդան Աբովեանի կողմէ «Տըլէ Եաման»ը։
Իսկ Հայաստանի ու Յունաստանի ոգերգները երգեցին միօրեայ վարժարանի աշակերտները։
Դասախօսական ձեռնարկի աւարտին, ժողովուրդը հետեւելով քաղաքապետարանի շեփորախումբին ուղղուեցաւ դէպի քաղաքի «Անծանօթ Զինուոր»ի յուշարձանը, ուր դափնեպսակներ զետեղեցին պրն. Իոաննիս Գանելաքիս, պրն. Էվանկելոս Լամպաքիս, տիկ. Մարիամ Յարութիւնեան, Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան ու հայկական գաղութի կողմէ տիկ. Նատիա Գավաֆեան։ Ետքը շեփորախումբը նուագեց Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները ու այդպիսով կեդրոնական ձեռնարկը վերջ գտաւ։

ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ

Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, Մեծ Եղեռնի նահատակներու հոգիներուն նուիրուած։
Արարողութիւնը կատարեց հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Ներկայ էին փոխ քաղաքապետ պրն. Խրիսթոս Երաքոբուլոս, Թաղային խորհուրդի ու Գթութեան Խաչի անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Աւարտին Տ. Պարէտ քահանայ ներկաներուն փոխանցեց օրուան պատգամը, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջափակի խաչքարին վրայ, պրն. Կարէն Մելիքսէթեան յանուն քաղաքի հայութեան դափնեպսակ մը զետեղեց։

ԱԶԱՏ ՕՐ