ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պարգեւատրուեցաւ Քեպէգի Ազգային Ժողովի մետալով

(«Հորիզոն») – Նոյեմբեր 27-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի երկարամեայ նախագահ Յակոբ Տէր խաչատուրեան Քեպէգի Ազգային Ժողովի նիստին պարգեւատրուեցաւ Քեպէգի Ազգային Ժողովի մետալով:

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Քեպէգի Ազգային Ժողովի անդամ Կի Ուելէթ եւ յայտարարեց, որ Մետալը կը փոխանցուի Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, Քեպէգ նահանգին մէջ իր երկարամեայ միջ-համայնքային գործունէութեան, Քեպէգի երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու շրջագիծէն ներս իր տարած աշխատանքին եւ Հայ Դատի յանձախումբի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած Համագործակցութեան և արդարութեան և խաղաղութեան ֆորումին յաջողութեան մէջ իր ներդրումին համար։

Նոյեմբեր 27-ի Ազգային Ժողովի վերոնշեալ նիստին հրաւիրեալներու շարքին էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ Դատի յաձնախումբի պատուիրակութեան անդամները։ Պարգեւատրման արարողութենէն ետք Յակոբ Տէր խաչատուրեան շնորհաւորութիւններ ստացաւ Քեպէգի Ազգային Ժողովի տարբեր կուսակցութիւններու անդամներու կողմէ, որոնց շարքին Guy Ouellette, Marwah Rizqi, Christine St-Pierre, Christopher Skeete, Gabriel Nadeau Dubois, Pascal Bérubé.

[modula id=”17333″]

Լուսանկարները Մայք Թաշճեանի
«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Յակոբ Տէր խաչատուրեան 1970ականներուն եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադիրներէն եւ ԼԵՄ-ի Անթիլիասի «Հայաստան» մասնաճիւղի ատենապետ։ Գանատա հաստատուելէն ետք եղած է Մոնթրէալի ՀԵԴ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչական եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։ Հայ ուսանողական ու կրթական կեանքէ ներս ան եղած Մոնթրէալի Հայ Ուսանողներու, ինչպէս նաեւ՝ Մոնթրէալի համալսարանական Էթնո-մշակութային Ընդհանուր Միութեան (Federation of Ethnocultural Associations) ատենապետ։ Ընտրուած է նախագահ Գորգորտիա համալսարանի ընդհանուր ուսանողական միութեան (Concordia University Students’ Association president) եւ անդամ՝ Գոնգորտիա Համալսարանի Հոգաբարձական Խորհուրդին (Member of the Board of Governors). 1980-ականներուն ընտրուած է Նիւ Եորքի համալսարանականներու միութեան նախագահ (Graduate Society president):

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պարգեւատրուած է Մխիթար Գոշ մետալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ եւ Կիլիկեան Իշխանի շքանշանով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ:

Եղած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ։ Նշենք, որ աւելի քան 35 երկիրներու մէջ կը գործեն Հայ դատի յանձնախումբեր, իսկ շուրջ 10 երիրներու մէջ ալ՝ գրասենեակներ, որոնցմէ հինգը կեդրոնական գրասենեակներ են։

Plus tôt ce matin, à l’Assemblée nationale du Québec, le député de Chomedey, Guy Ouellette, a honoré le président mondial du Comité National #Arménien et un fier résident de #Laval, M. Hagop Der Khatchadourian pour son engagement en tant que leader de la communauté #arménienne au niveau #québécois, #canadien, tout comme à l’international et pour sa remarquable contribution à la société #québécoise et #canadienne.

***

Earlier today at the National Assembly of Québec, MNA Guy Ouellette of #Chomedey, honoured the chairman of ANC-International and a proud resident of Laval, Mr. Hagop Der Khatchadourian with the National Assembly’s medal, for his ongoing leadership of the #Armenian community in #Québec, #Canada and around the world and for his remarkable contributions to Québec and #Canadian society.