Յունական լրատուադաշտի լայն արձագանգը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման գծով Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ հար­ցազ­րոյց­ներ

Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան կող­մէ ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման լու­րը, անց­նող մի քա­նի օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, գլխա­ւոր նիւթ դար­ձաւ յու­նա­կան լրա­տո­ւա­դաշ­տին մօտ, ո­ղո­ղե­լով թեր­թե­րուն է­ջե­րը եւ հեռա­տե­սի­լի ու ձայ­նաս­փիւ­ռի լրա­տո­ւա­կան կա­յան­նե­րը։ Ար­ձա­նագ­րո­ւած այս ե­ղե­լու­թեան մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան լրագ­րող­նե­րը եւ հա­ղոր­դա­վար­նե­րը, ո­րոնք միա­ժա­մա­նակ տեղ տո­ւին ­Թուր­քիոյ կող­մէ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն եւ Ա­մե­րի­կա-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ հե­տա­գայ են­թադ­րու­թիւն­նե­րու։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ կապ հաս­տա­տե­լով, տար­բեր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ Ա­թէն­քէն, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լի­սէն, ­Քո­զա­նիէն, Իոան­նի­նա­յէն եւ այ­լուր, տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան եւ հար­ցազ­րոյց­ներ կա­տա­րե­ցին ու սփռե­ցին, լայ­նօ­րէն լու­սա­բա­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի հան­րու­թիւ­նը։

Ի մաս­նա­ւո­րի՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ս­թաւ­րոս Ա­պա­րեան, ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ­Ռազ­միկ Էր­ջէ­նեան, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, Մարի Գալայճեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան, ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան հե­ռա­տե­սի­լի բո­լոր կա­յան­նե­րու գլխա­ւոր լու­րե­րու բաժ­նէն սփռո­ւած հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­ռան­ձին հար­ցազ­րոյց­ներ ձայ­նաս­փիւ­ռի շարք մը կա­յան­նե­րու հետ, ինչ­պէս նաեւ զրոյց­ներ վա­րե­ցին տպա­գիր եւ հա­մա­ցան­ցա­յին թեր­թե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րու հետ։

Անդ­րա­դարձ­ներ ե­ղան REAL FM ­Խու­տա­լա­քիս-­Ռո­կա­քոս, REAL FM Ա­քիս ­Քո­սո­նաս-­Մա­րօ ­Լէո­նար­տու, ERT լու­րե­րու բա­ժին, ERT 3 լու­րե­րու բա­ժին, STAR CHANNEL լու­րե­րու բա­ժին, STAR ΚΕΝΤΡΙΚΗΣ ΕΛΛΑΔΑΣ ­Լե­նա ­Փա­րաս­քէ­վա, ANTENNA Եոր­ղոս ­Փա­փա­տա­քիս, SKAI ­Սիա ­Քո­սիո­նի, LIVE MEDIA Եոր­ղոս ­Քիու­սիս, OPEN, «E» Եոր­ղոս Թ­րա­կաս, ONE TV լու­րե­րու բա­ժին, ΔΕΛΤΑ TV, ALPHA, ΑΘΗΝΑ 9,84 ­Քա­թե­րի­նա ­Փա­փա­վա­սի­լիու, Իոան­նի­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ռա­տիո­կա­յան Եոր­ղոս ­Կոն­ծոս, «Η Φωνή της Ελλάδας» ար­բա­նեա­կա­յին ΕΡΤ ­Թա­նա­սիս ­Խու­փիս, ART FM ­Փար­մէ­նիոն ­Լի­վա­նի­տիս, protagon.gr։

Լ­րա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ լայն անդ­րա­դարձ կար ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րուն, Ա­մե­րի­կա­յի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կող­մէ ըն­դու­նո­ւած բա­նա­ձե­ւի շուրջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու, ­Թուր­քիոյ հա­կազ­դե­ցու­թեան ու Էր­տո­ղան-­Չա­ւու­շօղ­լո­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան եւ բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն ետք ա­նոր ճնշո­ւած վի­ճա­կին։
­
Հա­ղոր­դում­նե­րը ճո­խա­ցան յոյն սի­րո­ւած դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նի կող­մէ վկա­յու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ ­Քիմ ­Քար­տա­շեա­նի մա­սին նշում­նե­րով։ ­Զու­գա­հեռ­ներ գծո­ւե­ցան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, գաղ­թա­կա­նու­թեան նոր ա­լի­քին եւ քա­ղա­քա­կան դաշ­տը տագ­նա­պեց­նող մթնո­լոր­տին։