ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատին` Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Մարմինը յիշեցուց, որ Ներկայացուցիչներու տունը արդէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր որդեգրած էր 1975-ին եւ 1984-ին, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն 1981-ին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մարմինը որոշումի որդեգրումը նկատեց այդ ոճիրի զոհերուն յիշատակի յարգման պատշաճ միջոց մը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի կտրուկ մերժում մը, ինչպէս նաեւ գնահատեց բանաձեւին մէջ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար դպրոցներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցման կարեւորութեան շեշտումը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան քայլը` զայն նկատելով արդարութեան ու մարդկային իրաւանց յաղթանակը, եւ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը իր կարգին մօտ օրէն կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 24 ապրիլի առիթով տարեկան նախագահական ուղերձի ընթացքին կ՛օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրը: