ՎԵՆՔՈՒՎԸՐ.- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Վենքուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան Թայուանի տնտեսական եւ մշակութային գրասենեակի կազմակերպած Թայուանի ազգային օրուան 108ամեակի ձեռնարկին, որուն հրաւիրուած էին Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային կառավարական ներկայացուցիչներ:
Ընթացքին Հայ Դատի ներկայացուցիչները մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Թայուանի տնտեսական եւ մշակութային գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Անտի Չիէնի հետ եւ արծարծեցին տնտեսական եւ մշակութային հարցեր, ինչպէս նաեւ Թայուան-Արցախ Խորհրդարանական գործակցական կապերու ստեղծման կարելիութիւնը եւ կարեւորութիւնը: