Ատիկէի մարզպետութեան եւ Յունաստանի Գաղթականական միութիւններու կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 15 Սեպտեմբեր 2019ին, հոգեհանգստեան պաշտօն եւ դափնեպսակներու զետեղում տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, ուր հրաւիրուած էր մասնակցելու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը։
Յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններէն հնչած ողջոյնի խօսքերուն ընթացքին, խստօրէն դատապարտուեցաւ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը։
Աթէնքի յունաց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Զմիւռնիոյ մէջ զոհուած Խրիսոսթոմոս մետրոպոլիտի յիշատակին։ Ապա ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշարձանին առջեւ, ուր դափնեպսակ զետեղեց ընկ. Արամ Գոլանեան, Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Փոքր Ասիոյ յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Ոգեկոչական պաշտօնական հաւաքին ներկայ եղան Ատիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, երեսփոխաններ, Աթէնքի քաղաքապետի ներկայացուցիչը, երկրի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներ։