ANCA-WR, Local Chapter Representatives Meet with Rep. Adam Schiff

BURBANK—Armenian National Committee of America – Western Region as well as Glendale, Burbank, Hollywood, and Crescenta Valley chapter representatives met with Congressman Adam Schiff as part of the 2019 August Recess Month to discuss the latest developments and policy priorities of the Armenian American community.

“We greatly value the relationship with Rep. Schiff, who represents the largest Armenian American constituency in California’s 28th District,” remarked ANCA-WR Vice-Chair Raffi Kassabian, Esq. “For many years, Rep. Schiff has been one of the leading advocates of the Armenian Cause in the U.S. Congress and we continue to work closely with Rep Schiff in identifying new avenues to further deepen the U.S.-Armenia strategic partnership and the U.S.-Artsakh relations.”

During the meeting, local chapter representatives provided with an update and overview of the ongoing activities in their respective cities as well as some of the current needs of the community. The current Armenian Genocide Truth and Justice Resolution H.Res.296, co-authored by Rep. Schiff, was a focal point of discussion. The continued U.S. assistance to the Republic of Artsakh was another agenda item. Rep. Schiff reaffirmed his commitment to advancing the Armenian American policy priorities in the U.S. Congress, including H.Res.296 and continued assistance to Artsakh.

The Armenian National Committee of America – Western Region is the largest and most influential nonpartisan Armenian American grassroots advocacy organization in the Western United States. Working in coordination with a network of offices, chapters, and supporters throughout the Western United States and affiliated organizations around the country, the ANCA-WR advances the concerns of the Armenian American community on a broad range of issues in pursuit of the Armenian Cause.


Հայ Դատի Հանդիպումը Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի Հետ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անոր Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Հոլիվուտի եւ Լա Քրեսենթայի մասնաճիւղերուն ներկայացուցիչները քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անոր Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Հոլիվուտի եւ Լա Քրեսենթայի մասնաճիւղերուն ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Քոնկրեսի արձակուրդին առիթով Քալիֆորնիա գտնուող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։

«Մեզի համար մեծ արժէք ունի քոնկրեսական Շիֆի հետ յարաբերութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 28րդ ընտրատարածքը, որ ունի մեծ թիւով հայութիւն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխատենապետ իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեան՝ աւելցնելով. «Երկար տարիներով, քոնկրեսական Շիֆ Քոնկրեսի սրահներուն մէջ ջատագովը եղած է Հայկական Հարցին եւ պիտի շարունակենք գործակցութեան նոր միջոցներ փնտռել սերտացնելու համար Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Արցախ յարաբերութիւնները»։

Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի մասնաճիւղերուն ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած եւ ծրագրուող նախաձեռնութիւններուն եւ համայնքներու կարիքներուն մասին։

Քննուեցան նաեւ Շիֆի համահեղինակած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցում պահանջող թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերը. Շիֆ անգամ մը եւս խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ այդ առաջնահերթութիւններուն։