On Monday, July 29, 2019, a delegation representing the Armenian National Committee of Canada met with Canada’s Minister of Heritage and Multiculturalism, the Honourable Pablo Rodriguez.
During the hour-long meeting, ideas were exchanged and productive discussions took place related to ANCC’s upcoming nationwide initiatives, relations with other communities, the bilateral relations between Canada and Armenia and other top ANCC policy priorities.
The Minister spoke highly of the important contributions of the Armenian-Canadian community and provided extensive information about the Ministry’s ongoing and upcoming programs.
Furthermore, the two sides agreed to continue their cooperation and dialogue on the issues discussed and other matters concerning the Armenian-Canadian community.
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզի Հետ
«Հորիզոն» կը հաղորդէ, թէ երկուշաբթի, 29 յուլիս 2019-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Քանատայի Ժառանգութեան եւ մշակոյթի նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Հայ դատի յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Քանատա երկկողմանի յարաբերութիւններն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները:
Նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզ բարձր գնահատեց Քանատայի հայ համայնքին ներդրումը` զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց: Երկու կողմերը խոստացան շարունակել համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը` քննարկուող հարցերն ու քանատահայ համայնքին վերաբերող ծրագիրները հետապնդելու ի խնդիր:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան: