Քոնկրեսականներ Շըրմըն Եւ Քոքս Արցախի Օժանդակութեան Հարցով Նամակ Յղած Են «Եու.Էս.Էյտ»-ին

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Թիճէյ Քոքս եւ հանրապետական Պրետ Շըրմըն դեմոկրատական եւ հանրապետական գործընկերներու կողմէ ստորագրուած` Արցախի Հանրապետութեան մէջ ականազերծման ծրագիրի ֆինանսաւորման շարունակութեան վերաբերեալ նամակը ուղարկած են Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Եու.Էս.Էյտ»-ին: Այս մասին կը հաղորդէ քոնկրեսական Քոքսի պաշտօնական էջը:

Նամակը ուղղուած եղած է «Եու.Էս.Էյտ»-ի` 2019 թուականի վերջաւորութեան Արցախի սահմաններուն մէջ մարդասիրական ականազերծման ծրագիրի ֆինանսաւորումը դադրեցնելու որոշումին դէմ:

«Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Արցախի տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւնը դադրեցնելու ոչ խոհեմ պահանջին առջեւ խոնարհիլը վտանգի կ՛ենթարկէ թէ՛ մարդոց կեանքը, թէ՛ ալ խնդիրի լուծման խաղաղ հոլովոյթը», նախապէս ըսած էր ՀՅԴ Ամերիկեայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Թիճէյ Քոքս իր կարգին շեշտած էր, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը պէտք է կեանքի կոչէ իր յանձնառութիւնը` յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրելով «Հելլօ Թրասթ» կազմակերպութեան` աւարտին հասցնելու կենսական նշանակութիւն ունեցող այս նախագիծը, ինչպէս նախապէս խոստացած էր գործակալութեան ղեկավար Մարք Կրին:

«Ես պիտի շարունակեմ Քոնկրեսին մէջ աշխատանքը իմ երկկուսակցական գործընկերներուս հետ, ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին մէջ, ինչպէս նաեւ «Հելլօ Թրասթ»-ի մէջ` ապահովելու դաշնակցային ֆինանսաւորումը, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ունենալու ականազերծ Արցախ», ըսած էր Քոքս:

Յիշեցնենք, որ 89 քոնկրեսականներ միացած են ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեան` դէմ արտայայտուելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան ջնջումին: