Արցախի ականազերծման համար տրամադրուող ամերիկեան աջակցութեան դադրեցման եւ Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանի որոշումին միջեւ կապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Էլիզապեթ Ջուլճեան ըսաւ, թէ եթէ Թրամփի վարչակազմին որոշումը որեւէ կերպով պայմանաւորուած է Հայաստանի կողմէ խիստ անհրաժեշտ բժշկական օգնութեան ցուցաբերումով եւ չպայթած զինամթերքը հեռացնելու ջանքերով, ապա այդ մասին պէտք է բարձրաձայն յայտնեն:
Ան աւելցուց, որ 1998-էն ի վեր, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը առաջամարտիկի դերին մէջ է Արցախին ամերիկեան օգնութիւն ապահովելու գործին մէջ` միեւնոյն ժամանակ լուսարձակի տակ պահելով Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը եւ այդ երկրի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի կողմէ զինադադարի խախտումները` աւելցնելով. «Ամերիկայի կողմէ նիւթական աջակցութեան դադրեցումը հիմա, երբ այսքան մօտ ենք Արցախի ամբողջական ականազերծման հասնելուն, սխալ ազդանշան մը պիտի ըլլայ Ալիեւի վարչակազմին, որ կը շարունակէ մերժել շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղուած ողջմիտ առաջարկները, ներառեալ` արձակազէններու հեռացումը, ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դիտորդներու ներկայութիւնը եւ կրակոցներու յայտնաբերման համակարգերու տեղակայումը»:
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան 89 եւ Ծերակոյտի 22 անդամներ, ներառեալ նախագահի պաշտօնի թեկնածուներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են աջակցութիւնը շարունակելու ջանքերուն:
Պատասխանելով Ազրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան աջակցութեան աճին պատճառներուն մասին հարցումին` Ջուլճեան ըսաւ, թէ Պաքու այդ նպատակին հասնելու համար սկսած է շահագործել Իրանի հետ ամերիկեան տագնապը: