ԿԼԵՆՏԷՅԼ.– Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը Արմէն Սահակեանը նշանակեց Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն: «Մենք հպարտ ենք, որ Արմէն Սահակեան պիտի ստանձնէ մեր գրասենեակի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը: Վստահ ենք, որ Արմէնի խոր իրազեկութիւնը Հայ Դատին վերաբերող հարցերուն, անոր յանձնառութեան ոգին եւ հարուստ փորձառութիւնը Հայ Դատի հետապնդման մեր աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը նոր բարձունքներու հասցնելը կարելի պիտի դարձնեն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Իր պաշտօնին ծիրին մէջ, Սահակեան պիտի հետեւի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հեռահար ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու իրագործման աշխատանքներուն, ներառեալ՝ ժողովրդային խարիսխը ընդարձակելու, մեր հանրութիւնը շահագրգռող օրէնսդրական նախագիծերու ջատագովման, հասարակական այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան նպաստող քայլերուն, մամուլին հետ կապերը պիտի սերտացնէ, ինչպէս նաեւ պիտի համակարգէ արեւեմտեան շրջանի տարածքին գործող 28 տեղական յանձնախումբերու աշխատանքները:
,Շնորհակալ եմ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը ինծի վստահեցաւ մեր համայնքին ծառայելու պատասխանատուութիւնը: Ես իմ կարելին պիտի ընեմ Հայ Դատի հետապնդման ուղղութեամբ անցեալ տասնամեակներուն տարուած արդիւնաւէտ աշխատանքներուն թափը շարունակելու եւ առաւել ընդարձակելու ուղղութեամբե, յայտարարեց Արմէն Սահակեան, որ անցեալ չորս տարիներուն վարած էր Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը:
Սահակեան Հայ Դատի կազմակերպական առօրեային մաս կազմած է միջնակարգ ուսումը աւարտելէն ի վեր: Ան Լէօ Սարգիսեան հիմնադրամի եւ Քեփիթըլ Կէյթուէյ (Capital Gateway) ծրագիրներուն բովէն անցած է:
Երիտասարդ գործիչը դասաւանդած է իր աւարտած Պլումֆիլտ քոլեճին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխատած է Համաշխարհային դրամատան համակարգին, ՄԱԿԻ մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան եւ Եւրոպական հիմնարկութեան մէջ:
Սահակեանի ստորագրած յօդուածները լոյս տեսած են ամերիկեան լայնատարած հրատարակութիւններու մէջ, որոնց շարքին՝ The National Interest, The Hill, The Christian Science Monitor, European Affairs, եւ CQ Researcher Magazine: Ան նաեւ զեկոյցներով հանդէս եկած է Քոլոմպիոյ, Ճորճթաունի եւ Ուաշինկթընի համալսարաններուն մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովներու բեմերէն:
Սահակեան »Ճանզ Հափկինզ« համալսարանէն ստացած է Միջազգային յարաբերութեան եւ միջազգային տնտեսութեան մագիստրոսի վկայականը, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է »Պլումֆիլտ« Քոլեճէն, զայն աւարտելով բարձրագոյն պատիւներով: