ՀԻՒՍԹԸՆ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր կրթական ենթայանձնախումբը 2-7 Յուլիսին տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու Ազգային կրթական միութեան տարեկան 157րդ հանդիպումին ընթացքին առիթը ունեցաւ երկրին տարածքէն ժամանած հազարաւոր ուսուցիչներու բաժնելու Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդաման համար անհրաժեշտ նիւթեր։
Այս նախաձեռնութիւնը կարելի եղած է իրականացնել Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ։
Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման նուիրուած յատուկ կրպակը հազարաւոր ուսուցիչները դասաւանդման միջոցներ ստացան Ցեղասպանութեան հիմնական իրադարձութեանց, Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ իրականացած մարդասիրական ջանքերուն, Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութեան օգտագործման, «Խոստումը» ֆիլմին, դոկտ. Քէյ Մուրատեանի «Մօրս Ձայնը» հատորին, Լորա Կապուտեանի «Լուսնի Լոյսին Տակ» մանկական պատմուածքին եւ այլ նիւթերու մասին, որոնք պիտի նպաստեն տարբեր դասարաններու աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան լաւապէս ծանօթացնելու ջանքին։
«Յոյժ կարեւոր է, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական ենթայանձնախումբը առիթը ունենայ մասնակցելու նման խորհրդաժողովներու, որպէսզի դասաւանդման լաւագոյն միջոցներ տրամադրեն ուսուցիչներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, աւելցնելով, որ հայկական եւ ամերիկեան պատմութեան խաչմերուկին գտ-նուող՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան գործունէութեան ծանօթացման միջոցաւ, օրինակ, կարելի է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան պատմութիւնը։
Խորհրդաժողովին իբրեւ պատուիրակ կը մասնակցէր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական ենթայանձնախումբի անդամ եւ Կլենտէյլի ուսուցիչներու միութեան ատենապետ Թալին Արսէնեան, որ Ազգային կրթական միութեան յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն համար առաջադրեց ջատագովել Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը։
Հիւսթըն կատարուած այս այցելութենէն օգտուելով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչնրուն եւ ՀԵԴի ներկայացուցիչներուն հետ։
asbarez.com