Հայ Դատի յանձնախումբերու պատասխանատուները այս օրերուն, արդարօրէն պէտք է ակնկալեն ամերիկահայութեան զօրակցութեան դրսեւորումներ՝ նիւթական յաւելեալ աջակցութեան կամ հրապարակային խրախուսանքի այլ ձեւերով:
Աշխատանքը, անշուշտ, պայմանաւորուած չէ գնահատականի ակնկալիքներով: Գործին հաւատացող Հայ Դատի նուիրեալները մեր թաղերէն սկսեալ մինչեւ Ուաշինկթըն կ՛աշխատին, կը պայքարին՝ յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան: Կը պայքարին՝ իրենց տրամադրուած նիւթական հնարաւորութիւններու անբաւարարութիւնը յաւելեալ անձնական զոհաբերութիւններով յաղթահարելով: Կը պայքարին՝ վստահելով, որ իրենց աշխատանքին արդիւնաւորումը պիտի գնահատուի յաւելեալ հնարաւորութիւններու հոսքով՝ դէպի նոր ծրագիրներ:
Արդա՞ր է այդ ակնկալութիւնը: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս անգամ չսպասենք, որ պատկան մարմինները, Հայ Դատի պատասխանատուները, գործավարները իրե՛նք դիմեն ու մեզի յուշեն, որ նուիրատուութիւն կատարելով՝ զօրակցութիւն ցուցաբերենք իրենց: Պարզ հաշիւով, ահագին ճիգ ու ժամանակ պիտի խնայել տան պատասխանատուներուն եւ գործավարաներուն մեր կողմէ ինքնաբուխ նուիրատուութիւնները, որոնց շնորհիւ ընդհանուր գործն է, որ պիտի շահի, Հայաստանն ու Արցախն է, որ պիտի շահին:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ արձանագրուած երկու յաղթանակները մեր երիտասարդ գործիչներուն համար ոգեւորող իրադարձութիւններ եղան եւ նոր գործիչներ ներգրաւելու ազդակներ:
Եկէ՛ք առանց գերագնահատելու, բայց նաեւ առանց թերագնահատելու այս իրագործումները, ձեռք-ձեռքի տուած՝ աշխատինք աւելի մեծ մարտահրաւէրներ յաջողութեամբ պսակելու նախապայմաններ ստեղծենք, որ ցարդ անհաւանական նկատուող ձեռքբերումներ ապահովենք Ուաշինկթնըի մէջ, ամերիկեան քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ մեր ներկայութիւնը շօշափելիօրէն ընդլայնենք:
Վարձքերնիդ կատա՛ր Հայ Դատի տղաներ ու աղջիկներ: Մենք ձեր կողքին ենք: