Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2019-ի երեկոյան ՀՅԴ Գանատայի եւ Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն Վանգուվըրի մէջ, ի պատիւ Գանատայի մօտ Լիբանանի լիազօր հիւապստս տիար Ֆայիտի Զիատէ, ներկայութեամբ Ֆրանսայի լիազօր դեսպան Ֆիլիփ Սադդըրի, Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս բժիշկ Նիք Գահուաճի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան, Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի ներկայսցուցիչ Վահիկ Յակոբեանի եւ հիւրերու:
Մտեմիկ մթնոլորտի մէջ արծարծուեցան գանատաբնակ լիբանանցիներու իրավիճակին, Լիբանան-Գանատա յարաբերութեանց, սուրիացի գաղթականներու, ինչպէս նաեւ Գանատա հաստատուած լիբանանահայութեան երկքաղաքացիական հարցեր: Ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանան-Գանատա-Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւներուն: Հիւպատոս Զիատէ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն համար՝ ի նպաստ Լիբանանի եւ այլ մարդասիրական նպատակներու: Հիւպատոսը Պաշտօնապէս հրաւիրեց հայ համանքի ներկայացուցիչները ներկայ ըլլալու Շաբաթ, 29 Մարտ 2019-ի երեկոյեան Վանգուվըրի մէջ կայացած Լիբանաեան Մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկին, որուն ներկայ եղան Գանատայի տարածքին գործող Լիբանանի պատուոյ դեսպաններ, ներառեալ Լիբանանի Թորոնթոյի պատուոյ հիւպատոս հայազգի տիար Գրիգոր Փոստաճեան եւ քաղաքական այլ ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին, հայ համայնքը ներկայացուցին ընկերներ եւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Գարեգին Վրդ. Շխրտըմեան: