(«Հորիզոն») – Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս ԳանատայիՇրջանային Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Գանատայի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մէյրի Ինկի ի պատիւ:
Ընդունելութեան ներկայ էին Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւոր Ռիչմընտ Հիլ շրջանի երեսփոխան Մաճիտ Ճոհարի եւ Ուիլոտէլի շրջանի երեսփոխան Ալի Էհսասի: Ընդունելութեան ընթացքին նախարարը առիթ ունեցաւ հանդիպելու Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ:
Նախարարը իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ան շեշտեց, թէ հայ համայնքը որոշիչ դեր ունի Գանատայի մէջ, անդրադարձաւ Գանատայի ներկայ տնտեսութեան կայուն վիճակին եւ փոխանցեց կառավարութեան հայթայթած դիւրութիւնները՝ հիմնականօրէն նուազեցնելով փոքր գործարարութեանց տուրքերը 11%-էն 9%-ի:
Տիկին նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն ամրապնդման աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ բարելաւում արձանագրուած է զբօսաշրջութեան, տնտեսական եւ առեւտրական փոխյարաբերութեանց ոլորտներէն ներս:
Նախարարը բարձրօրէն գնահատեց գանատահայութեան բերած ներդրումը Գանատայի տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս եւ խոստացաւ շարունակել համագործակցիլ Գանատայի հայ համայնքին հետ:
Սարին Փոլատեան
Minister of Small Businesses and Export Promotion Mary Ng Visits Armenian Community Centre
On March 28, Mary Ng, Minister of Small Businesses and Export Promotion and MP for Markham-Thornhill, visited the Armenian Community Centre of Toronto for a special meet and greet with the vibrant and dynamic GTA Armenian community.
Minister Ng had discussions with members of the Armenian National Committee of Canada and leaders of ACC about expanding Canada Armenia trade relations.
On community level, she said government has allocated huge resources in support of small businesses and she encouraged the new comers to venture in the field.
She also toured the Centre and ARS private school with ACC leaders and got acquainted with its operations.
Present to the meeting also were Willowdale MP Ali Ehsassi and Richmond Hill MP Majid Jowhari.