(«Հորիզոն») – 2018-2019 երկամեակին, Քեպէգի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ մէջ կայացան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նուիրահաւաքները, որոնց ընթացքին, յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան համար հանգանակութիւններու համագումարը հասաւ աւելի քան 300 հազար տոլարի։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։ 1958-ի Գանատայի ՀՅԴ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը կ՚որոշէ առաջին անգամ ըլլալով կազմել Հայ Դատի յանձնախումբ մը: 1971-ին, նոյն ժողովը կ՚որոշէ այս յանձնախումբը վերածել զանազան քաղաքներու մէջ գործող ցանցի։
Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ներկայութիւն ըլլալու եւ արհեստավարժ հիմունքով գործելու հրամայականներէն մեկնած, 2006 թուի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ, 13 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական հանրաճանաչ ու ազդեցիկ կեդրոն:
Գանատայի շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Հայ Դատի Գանատայի գործունէութեան ի նպաստ հանգանակային ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս:
Ընդունելութեան ներկայ էին Գանատայի Հայ Դատի (շրջանային եւ տեղական) գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, Օնթարիոյի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան, Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւոր Միսիսակայ-Էրին Միլս շրջանի երեսփոխան Շէրիֆ Սապաուի, Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Ընդունելութեան բացումը կատարեց տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք, յայտնեց, թէ Հայ Դատի քաղաքական քարոզչութեան մեծ բաժինը Հայ Դատի գրասենեակները կ’իրականացնեն, եւ այդ գրասենեակներու պիւտճէները կը գոյանան նուիրատուութիւններով: Ապա խօսք առաւ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան, որ ներկայացուց Հայ Դատի գրասենեակին աշխատանքները եւ ապագայի ծրագիրները: Վերջին շրջանին գրասենեակին ջանքերով Գանատայի զանազան քաղաքական դէմքեր եւ խորհրդարանի անդամներ այցելեցին Արցախ, այս այցելութիւններուն որպէս արդիւնք, առաջին անգամ ըլլալով Գանատայի խորհրդարանին մէջ կազմուեցաւ Արցախի հետ բարեկամական խումբ մը: Գրասենեակը անցնող տարուան ընթացքին կապեր հաստատած է տարբեր երեսփոխաններու, զանազան միջազգային գաղութներու եւ կառավարութեան մնայուն անդամներու հետ: Յառաջիկայի ծրագիրներուն առնչութեամբ՝ գրասենեակը աշխատանք կը տանի Գանատական դեսպանատան հիմնադրման Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Գանատայի կողմէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանական յարձակումներու դատապարտման, նկատի առած որ Գանատա, որպէս ԵԱՀԿ-ի (OSCE-ի) անդամ, մեծ դեր ունի Արցախի խաղաղութեան իրականացման: Պրն. Միրաքեան աւարտեց խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով գանատահայ համայնքին՝ ցուցաբերած զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար:
Օրուան բանախօսն էր ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեան, որ Skype հեռակապով ներկաներուն փոխանցեց Արցախի վերջին տարիներու մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները: Ան անդրադարձաւ 2017-ի սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն, որով նաեւ որոշուեցաւ վերադարձնել Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական անունը: Ան անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական իրավիճակին, գիւղատնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն, տեղեկատուական ոլորտին եւ կենսուժին, որ ինքնաբաւ ըլլալով՝ կրնայ ապահովել պետութեան անվտանգութիւնը: Արցախի մէջ հիմնուած է Արցախի ներդրումներու հիմնադրամ, որ կը սատարէ արտաքին ներդրումներու: Աւետիսեան անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան նշեց, որ հիմնական աշխատանքը Արցախի միջազգային ճանաչումն է, մինչեւ օրս ութ Ամերիկեան նահանգներ բանաձեւեր ընդունած են Արցախի անկախութեանը սատարելու մասին, Արցախի պետութիւնը յոյս ունի, որ նման յառաջդիմութիւն կ’արձանագրուի նաեւ Գանատայի հետ, մասնաւորաբար Գանատայի խորհրդարանի մէջ Արցախի հետ բարեկամական խումբը յառաջանալէն ետք: Պրն. Աւետիսեան անդրադառձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան, որոնք անընդունելի են Արցախի համար, բայց ներկայ պայմանները նպաստաւոր չեն, որեւէ լուրջ քայլերու համար, եւ թէ ներկայիս Ատրպէյճանի հանդէպ վստահութիւն գոյութիւն չունի: Ան շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է վերականգնել Արցախի լիարժէք մասնկացութիւնը որպէս բանակցական կողմ:
Ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կ’ամփոփէր Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին լայնածաւալ աշխատանքները:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Շամլեան ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբին հաշուեկշիռը, ուր անդրադարձաւ 2017 եւ 2018 տարեշրջաններուն հանգանակուած գումարներուն յատկացումներուն՝ տարբեր աշխատանքներու եւ ձեռնարկներու:
Աւարտին, տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան յայտարարեց, թէ սոյն հանգանակութեան հաւաքուած է 85,000 տոլար, որուն 25,000-ը նուիրատութիւնն է ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանին:՚
Ապա, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի նուիրահաւաքը, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տէր Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Բիւրոյի անդամ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ ընկ. Վաչէ Շամլեանի եւ անդամներուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան եւ կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներու, Մոնթրէալի եւ Լաւալի կոմիտէութեանց, ինչպէս նաեւ յարակից միութեանց ներկայացուցիչներու եւ Հայ Դատին զօրակցող համայնքի զաւակներուն:
Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Նորա Զոպոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ որքա՛ն մեծ ըլլայ մեր ժողովրդային մասնակցութիւնը մեր իրաւունքներուն հետապնդման գործին, որքա՛ն առատ ըլլան Հայ Դատի Յանձնախումբին մեր տրամադրելիք միջոցները, այնքա՛ն կը ծաւալի մեր իրաւունքներու հետապնդման գործընթացը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս զօրավիգ կանգնին Հայ Դատի Յանձնախումբին, որպէսզի արդիւնաւորուի աշխատանքը յանուն մեր հայրենիքին, Արցախին ու համայն հայութեան:
Հայ Դատի Յանձնախումբի գործակատար ընկ. Սեւակ Պէլեան խօսք առնելով ներկայացուց անցնող երկու տարիներուն ընթացքին յանձնախումբին տարած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները, որոնք կ’ընդգրկէին Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովէն առաջ եւ ետք տարուած աշխատանքները, Ատրպէյճանական կողմին զինամթերքի առուտուրին հակազդեցութիւնը, Ցեղասպանուած համայնքներու հետ համագործակցութիւն, Ցեղասպանութեան ճանաչումի իրագործումէն ետք, յաջորդ քայլին՝ պահանջատիրութեան անցումը, հանրային ներքին եւ արտաքին կապերու զարգացում, Գանատայի Խորհրդարանին մէջ Արցախի բարեկամներու խորհուրդի ստեղծման սատարում, երիտասարդներու քաղաքականացման ի խնդիր յատուկ ծրագրի մշակում եւ այլն:
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Հայ Դատի Յանձնախումբին գործունէութեան մասին, ապա Հայաստանէն Skype հեռակապով միացաւ Ամերիկայի եւ Գանատայի հետ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները զեկուցեց Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին, տնտեսական, ռազմավարական, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ ընթացող զարգացումներուն, Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան եւ բանակցութիւններու հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակի հզօրացման: Աւետիսեան նաեւ բարձր գնահատեց Գանատայի զօրակցութիւնը Արցախի, յատկապէս Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած արդիւնաբեր աշխատանքները Արցախի միջազգային ճանաչման եւ պետականութեան ամրապնդման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւնը ընկերային կեանքի եւ կենսամակարդակի բարելաւման:
Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ ընկ. Վաչէ Շամլեան ներկայացուց կոմիտէութեան նիւթական տեղեկագիրը, լուսաբանելով իւրաքանչիւր յատկացման նպատակն ու անհրաժեշտութիւնը, ապա իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որոնք անվարան նեցուկ կը կանգնին Հայ Դատի բոլոր աշխատանքներուն:
Աւարտին յայտարարուեցաւ հանգանակութեան արդիւնքը, ըստ որուն ներկայ անհատներու եւ միութիւններու նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարը հասաւ 187,850 տոլարի:
ՍԱՐԻՆ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ