Ուրախութեամբ ստացանք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի մեծարգոյ Նախագահ՝ Պրն. Աշոտ Ղուլեանի նամակը, որտեղ ան իր ջերմ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբին՝ Գանատայի խորհրդարանէն ներս «Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադրման կապակցութեամբ: