Մարտ 19, 2019 տարեթիւը գանատահայութեան եւ Արցախի ժողովուրդին պատմական տոմարներուն մէջ պիտի արձանագրուի որպէս շրջադարձային թուական։ Արդարեւ, այդ օրը, երկարատեւ ճիգերէ ետք, կեանքի կոչուեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութիւնը։
Դիւանագիտական ոլորտէն ներս Արցախի Հանրապետութեան կայուն անվտանգութիւն ապահովելու քարոզչական աշխատանքը՝ սկզբունքային առաջադրանք է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին համար եւ այդ գծով, հայութեան երկրորդ անկախ պետականութեան հիմնադրութենէն ի վեր, Արցախի եւ իր ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման ի նպաստ քարոզչութիւնը դարձած է յանձնախումբին հայրենատենչ առաքելութեան հիմնական նշաձողերէն մին։
Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս Հայ Դատի յանձնախումբին իրագործած հիմնական նախաձեռնութիւնները ընդգրկած են Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման լուսաբանումը եւ հիմնախնդրի իսկական խորապատկերի ներկայացումը Գանատայի հանրութեան։
Յատկապէս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբն ու Օթթաուայի իր գրասենեակը նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանին Արցախի հարցով։ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անմիջական յաջորդող ամիսներուն, ուղղակի Թալիշ գործուղուած Գանատայի Խորհրդարանի երկու պատգամաաւորներու մարդասիրական առաքելութիւնը եւ Գանատայի խորհրդարանի նիստերու ընթացքին Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման գծով կատարուած յայտարարութիւնները կը փաստեն եւ ցոյց կու տան յանձնախումբին կատարած քարոզչական աշխատանքին լայնածիր տարողութիւնը։
Այսօր, ռազմաճակատին վրայ կիրառուող զինանոցին մէջ ընդգրկուած են զանգուածային ոչնչացման համազարկային հրթիռային համակարգեր, գերժամանակակից հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր… իսկ մղոններ անդին, հայրենեաց պաշտպան մեր նուիրեալ զինուորներու կողքին՝ արտասահմանի դիւանագիտական միջանցքներուն մէջ Հայ Դատի նուիրեալները կը մղեն քարոզչական պայքար՝ ընդդէմ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն ու խեղաթիւրումներուն, եւ շնորհիւ Հայ Դատի յանձնախումբերու կանխորոշիչ եւ վճռահատող ճիգերուն՝ ատրպէյճանական հակահայ եւ հայատեաց քարոզչութիւնները, սպառնալիքներն ու դիւանագիտական ճնշումները կը դատապարտուին ձախողութեան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատմական հեռատես փորձառութեամբ, տասնամեակներ առաջ Սփիւռքի տարածքին կեանքի կոչեց Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնք այսօրուան դրութեամբ, վիթխարի ճանապարհ կտրած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, իսկ վերջին երեք տասնամեակներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտի մարտունակութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։
Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի փաստը՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ընդունի որպէս Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմք, եւ վճռական է՝ գանատական քաղաքական դաշտին վրայ Արցախը մեկուսացնելու Ատրպէյճանի ջանքերը չէզոքացնելու։ Աւելի՛ն, Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է նաեւ Գանատայի հանրութեան, լրատուամիջոցներուն եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն մօտ արցախեան հիմնահարցի պատմական հոլովոյթին եւ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկատուութիւն հայթայթել:
28 տարի առաջ, անկախութեան հանրաքուէով, Արցախի ժողովուրդը միահամուռ որոշեց անկախ պետութեան մէջ ապրելու իր ընտրութիւնը։ Արցախի անկախութիւնը անշրջելի իրողութիւն է, եւ այդ անկախութեան պահպանման ի խնդիր, Հայ Դատի աշխարհասփիւռ կառոյցները պատրաստ են հակադարձելու ատրպէյճանական որեւէ ապակառուցողական քայլի, յստակօրէն գիտակցելով որ Արցախը, ազատամարտիկներու արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը եւ ազատագրուած հայրենի տարածքները երբեք սակարկութեան ենթակայ չեն։
Նկատի ունենալով որ Պաքուի իշխանութիւնները բազմիցս ոտնահարած են քաղաքական ոլորտի համաձայնագրեր եւ պարտաւորութիւններ, վկայ՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, յստակ կը դառնայ, որ Արցախը որպէս Ատրպէյճանի կազմին մէջ այս կամ այն ձեւաչափի կարգավիճակով պետական միաւոր ընդունելու գաղափարը բացառուած է, եւ հիմնահարցի հանգուցալուծումը պէտք է բխի դարերով Հայոց Արեւելից կողմանց լեռնաշխարհի բարձունքներուն վրայ ապրող եւ այդ բնօրրանի ծնունդ ժողովուրդի կամքէն:
«Հորիզոն»ի խմբագրական
horizonweekly.c