Հիմա որ արդէն աւարտած է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութիւնն ու վերջին օծման արարողութիւնը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը, ցաւակցելով պատրիարքի հարազատներուն եւ հայ համայնքին, կը յայտարարէ, թէ ուշադրութեամբ հետեւելու է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռին համար ընտրութիւններու ընթացքին, յատկապէս՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններու հաւանական միջամտութիւններուն։
Մութաֆեան պատրիարքի հիւանդութեան ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն առիթ եւ հնարաւորութիւն օգտագործեցին պառակտելու համայնքը, խոչընդոտելու գործընթացը եւ խանգարելու համայնքին համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող այս իրաւունքի նուիրագործումը։ Մութաֆեան պատրիարքի վախճանումը վերցուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ առարկութեան հիմնաւորում շարունակելու ձգձգել պատրիարքի ընտրութիւնները։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը, տարբեր կեդրոններու եւ երկիրներու մէջ գործող իր գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ցանցով, շարունակելու է արձագանգել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ՝ միջազգային օրէնքի համաձայն Թուրքիոյ հայ համայնքի իրաւունքներու ոտնահարման բոլոր փորձերուն։
Միաժամանակ կոչ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ հայութեան, համայնքին համար ճակատագրական այս պահուն, ըլլալ միակամ եւ աներկբայօրէն պաշտպանել իր իրաւունքները։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
19 Մարտ 2019