Շաբաթ, Մարտ 16-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան Վանգուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան SUCCESS GROUP-ի ընդունելութեան:
Սոյն հաւաքին, կառավարական զանազան անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճան, Գանատայի նախկին գլխաւոր դատախազ եւ Արդարադատութեան նախարար ճօտի Ուիլսըն Ռէյպոլտ, Խորհրդարանի պատգամաւոր Ալիս Ուանկ, ինչպէս նաեւ նահանգային նախարարներ Մայք Ֆարնուըրթ, Շէյն Սիմբսըն, Մելանի Մարք, նահանգային Խորհրդարանի անդամներ Անտրու Ուիլքինսըն, Թերեսա Ուաթթ, Ռիչմընտ քաղաքի քաղաքապետ Մայքըլ Պրօտի, Քօքուիդլըմ քաղաքի քաղաքապետ Ռիչըրտ Սդիուարթ, Վանգուվըրի փոխ քաղաքապետ Մայքըլ Ուիպի, զանազան քաղաքներու աւագանիներու անդամներ եւ կարգ մըերկիրներու հիւպատոսներ:
Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները առանձնազրոյցներ ունեցան վերոնշեալ քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ընթացքին արծարծեցին Արցախի հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու գանատահայութիւնը շահագրգռող հարցեր: Անոնք նաեւ անդրադարձան Գանատա-Հայաստան առեւտրական երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան: