Շըրմըն Կոչ Կ՛ընէ՝ Ցեղասպանութեան Բանաձեւերուն Դէմ Արգելքները Վերցնելու

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Փետրուարին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունեցած Վենեզուելլայի յատուկ պատուիրակ Էլիըթ Էպրըմզի հետ քննարկումի մը ընթացքին, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու հարցը։

Արդարեւ, Շըրմըն կոչ ըրաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին, որ վերցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Քոնկրեսի օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն դէմ իր արգելքները, յիշեցնելով, որ Անգարա դադրած է վստահելի գործակից մը ըլլալէ։

Շերմըն իր խօսքին մէջ կոչ ըրաւ՝ դադրեցնելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը պաշտպանելու քաղաքականութիւնը՝ յիշեցնելով ամերիկեան քաղաքականութեան հակառակ քայլեր որդեգրելու անոր նորագոյն արարքը՝ «Վենեզուելլայի բռնատէր Մատուրոյի վարչակազմին աջակցելու»՝ Անգարայի կեցուածքը։

Ըստ Շըրմընի՝ ամերիկացի քոնկրեսականները պէտք է առիթը ունենան իրենց ազատ կամքով քուէարկելու, երբ հարցը կը վերաբերի քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ Թուրքիոյ զանգուածային յանցագործութիւններու ճանաչման:

«Եթէ չէզոքութիւն դրսեւորէք այդ հարցով, Քոնկրեսը կրնայ հանդէս գալ իբրեւ այս երկրին խիղճը», եզրակացուց ան:

asbarez.com