ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէին յղեց նամակ մը, որ կը վերաբերէր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու իր նպատակին մասին կատարած յայտարարութեան:
Հայ դատի մարմինը ողջունեց նախագահ Մաքրոնին 2017-ին կատարած իր ընտրական խոստումը անգամ մը եւս յայտարարելը` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահը արդէն քանի մը ամիս առաջ Երեւան իր այցելութեան ընթացքին վերահաստատած էր նշեալ խոստումը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յոյս յայտնեց, որ 2001-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած այդ երկրին նախագահը շուտով կը յարգէ իր խոստումը: