Յունուար 15-ին, Վանգուվըրի Ռիչմընտ շրջանին մէջ, Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձախումբի ներկայացուցիչներՅակոբ Տէր Յակոբեան և Վահէ Անտոնեան Ընդառաջելով Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճօ Փէսչասոլիտոյի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան անոր հրաւիրած ընդունելութեան հաւաքին։ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը գանատացի խորհրդարանականին հետ յատուկ առանձնազրոյց ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան խորհրդարանի և Գանատայի խորհրդարանի բարեկամութեան խումբի ստեղծման և Արցախի հիմնահարցին վերաբերող հարցերու շուջ: