Յունուար 6-ի առաւօտեան ժամերուն, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան Նախարար Ատրիան Տիքս այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Վանգուվըրի Հայ կեդրոն: Նախարար Տիքս իր կողակիցին հետ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան պատարագի եւ ջրօրհնէքի արարողութեան: Նախարարին Հայ կեդրոն այցելելու հրաւէրը ուղղուած էր Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Պատարագէն ետք նախարարը մասնակցեցաւ Ծննդեան ճաշասեղանին եւ խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Սուրիահայերուն, ներգաղթողմփրուն մաղթելով բարի երթ Գանատայի մէջ կեանքի նոր ու խաղաղ հանգրուանին։ Ան բարձր գնահատեց Վանգուվըրահայ համայնքի վերջին երեք տարիներու արձանագրած աճը. ապա աւելցուց ըսելով թէ մօտ օրէն անոնք պիտի դառնան երկրի հպատակները եւ զարկ պիտի տան Գանատայի բարգաւաճման:
Նախարարը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հպարտ է մասնակից դառնալու Վանգուվըրի Հայ գաղութի եւ ի մասնաւորի Վանգուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն եւ ինքզինք կը նկատէ հայ համայնքի մէկ անդամ:
Նախարարը նաեւ առիթը ունեցաւ տեսակցելու Վանգուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ որոնք խօսեցան ապագայի ծրագիրներու եւ այն գործունէութիւններու մասին որ կը նպաստեն գաղութի բարգաւաճման:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան