Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Կարգ մը լրատուամիջոցներ երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին հրապարակեցին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ «ազրպէյճանական տարածքներու հայկական բռնագրաւումն ու բնակչութեան տեղահանումը մեզ կը մօտեցնէ պաղեստինցի ժողովուրդին` կրած տառապանքին տարողութեան»` աւելցնելով. «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը դժուարագոյն պահերուն կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդի կողքին: Մենք կը հասկնանք ձեր տառապանքը, որովհետեւ մեր հողերը ենթարկուեցան հայկական բռնագրաւումի»:

Մամետեարով նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարին: Արդեօք ա՞յդ է պատճառը, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման 2016-ին Պաքու այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ազրպէյճան մեր ռազմավարական գործընկերն է եւ բարեկամը»:

Իրականութիւնը այն է, որ Իսրայէլին մեծագոյն քարիւղ մատակարարողը Ազրպէյճանն է: Ազրպէյճան 2013-էն ի վեր կը մատակարարէ Իսրայէլի սպառած քարիւղին 40 առ հարիւրը, իսկ այժմ կը խօսուի մինչեւ իսկ երկու երրորդի մասին: Ազրպէյճան միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ իսրայէլեան զէնքեր կը գնէ: 2016-ին այդ թիւը հասած էր 5 միլիառ տոլարի: Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կը շարունակէ աճ արձանագրել եւ կը հասնի տարեկան 3,5 միլիառ տոլարի: Երկու երկիրները նաեւ սերտ ապահովական գործակցութիւն ունին:

Ազրպէյճանական հողերու «բռնագրաւում», պաղեստինցիներու տառապանքին նկատմամբ կարեկցանք. ազրպէյճանական կեղծիքն ու ապատեղեկատուութիւնը սահման չեն ճանչնար: Մեր մաղթանքն է, որ պաղեստինցի ժողովուրդը եւս Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նման կարենայ ազատագրել իր հողերը, եւ միջազգային ընտանիքը ի վերջոյ յարգէ անիրաւուած եղբայրական երկու ժողովուրդներուն միջազգային օրէնքով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ