15 Նոյեմբեր 2018-ին, Օնթարիոյի Ուելանտ քաղաքին մէջ, Կեդրոնական Նիակարայի դաշնակցային ընտրատարածքը ներկայացնող Երեսփոխան Վանս Պատաուէյի յառաջիկայ ընտրութիւններու թեկնածութեան առաջադրման հաւաքիընթացքին, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պելեան, հանդիպումռառանձնազրոյց ունեցաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Քրիսթիա Ֆրիլանտի եւ Երեսփոխան Վանս Պատաուէյի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը նախարարին հետ զրուցեց Վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի վերջերս Հայաստան կատարած պաշտօնական այցին եւ Գանատա-Հայաստան փոխ յարաբերութեանց աշխոյժ զարգացման մասին: