Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերին, Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար, ընկ. Սեւակ Պէլեան, Օթթաուայի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյի հետ:
]
Կողմերը մանրամասնօրէն քննարկեցին Վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի Երեւան կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւնը եւ այս իմաստով, Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութիւններն ու ակնկալիքները: Անոնք նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարեցին Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութեանց տարբեր ոլորտներու զարգացան հոլովոյթին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Նաեւ քննարկում եւ ծրագրաւորում տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ներկայ նստաշրջանի ընթացքին կատարուելիք խմբակցութեան աշխատաքներուն, ծրագիրներուն եւ Հայ Դատի այլ առաջնահերթութեանց վերաբերեալ:
Շաբթուայ ընթացքին, վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ, Հայ դատի գրասենեակը նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ ունեցաւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: