«ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՅԴ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ

26 Սեպտեմբեր 2018, ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ, Նիկոսիոյ Ազգային Իւթիւճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիպրոսի Թղթածրարը» թեմայով միջոցառում մը, որուն բանախօսն էր, Կիպրոսի EDEK կուսակցութեան նախագահ, սոյն թեմայով 2006-2011 թուականներուն Կիպրոսի խորհրդարանի միջ-կուսակցական յանձնաժողովի նախագահ՝ Մարինոս Սիզոբուլոս։

Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ ընկ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց բանախօսի կենսագրականը, որմէ ետք Հայ Դատի ատենապետ ՝ ընկ Յակոբ Մանուկեան իր ներածականին մէջ, զուգահեռներ տարաւ հայոց Բագրատունեաց թագաւորութեան անկման եւ 1974ին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած դաւադրութեանց եւ դաւաճանութեանց միջեւ։

Իր ելոյթի ընթացքին պրն Սիզոբուլոս փաստագրական տուելաներու մեծ ծրար մը ներկայացուց, որը յայտնաբերած եւ հաւաքած էր տարիներու ընթացքին։ Տուելաներուն եւ փաստաթուղթերուն ընդմէջէն ի յայտ եկած են Թուրքիոյ եւ յատկապէս Արեւմուտքի՝ ՆԱԹՕ-ի նկրտումները, Կիպրոսը բաժանելու եւ թուրքական բանակի ներխուժումը ապահովելու կապակցութեամբ։ Սակայն աւելի սահմռկեղուցիչ տուեալներ ի յայտ եկած են Յունաստանի Խունդայի ղեկավարութեան անդամներու եւ Կիպրոսի մէջ իրենց գործակալներու ընդհանուր դերակատարութեան վերաբերեալ՝ դաւադրութեամբ դռները բանալու Թուրքական ներխուժող բանակին հանդէպ, որը նախապէս՝ 1974 գարնանը պատրաստի վիճակի բերուած էր յարձակելու եւ գրաւելու կղզի հիւսիսայինմասը։

Ներկաները, ելոյթի վերջին հնարաւորութիւն ունեցան յաւելեալ հարցումներ տալու եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ։