Հայ Դատը Վերապահ Է Իսրայէլի Կողմէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Արշաւին Նկատմամբ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը օրակարգ բերելը Թուրքիոյ դէմ քաղաքական քայլ է. այսպէս նշեց Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Նոյեմի Նալպանտեան՝ ընդգծելով, որ հայ համայնքը այդ ուղղութեամբ չէ ոգեւորուած:

]

«Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած՝ վերջին օրերուն Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սրած են: Քանի որ Թուրքիան դէմ կ՛արտայայտուի Իսրայէլի գործողութիւններուն եւ սուր կերպով կը քննադատէ զանոնք, Իսրայէլ, իբրեւ քաղաքական քայլ՝ շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծը: Ատիկա չ՛ուրախացներ մեզ. Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դարձած է խաղաթուղթ, իսկ մենք կ՛ուզենք անիկա ճանչցուի, որովհետեւ Թուրքիան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կատարած է, այլ ոչ թէ օրակարգ բերուի քաղաքական այս կամ այն շահէն մեկնած», ըսաւ Նոյեմի Նալպանտեան՝ յիշեցնելով, որ մօտ երեք ամիս առաջ Քնեսեթի պատգամաւորներէն մէկը այս հարցը դրած էր խորհրդարանի օրակարգ, սակայն բանաձեւը մերժուած էր:

Նոյեմի Նալպանտեան ըսաւ նաեւ, որ յստակ պատասխան չունի այն հարցումին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ ե՞րբ քուէարկութեան կրնայ դրուիլ՝ նշելով, որ ատիկա կրնայ պատահիլ որեւէ օր, կախուած քաղաքական իրավիճակի զարգացումներէն:

«Այս պահուն, նոյնիսկ դժուար է ըսել, թէ խորհրդարանին մէջ այս հարցի քուէարկութենէն ինչպիսի՛ արդիւնք կարելի է սպասել, որովհետեւ պատգամաւորներէն, կառավարութենէն տարբեր ձայներ կու գան: Իսրայէլի նախագահը նշած էր, որ քաղաքական գետնի վրայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վատթարացած են, սակայն տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ կողմերը կը շարունակեն իրարու հետ աշխատիլ: Հետեւաբար, այս պահուն չենք կրնար ըսել՝ նախագիծը պիտի ընդունուի՞, թէ ոչ: Ամէն պարագայի, կառավարութեան ազդեցութիւնը մեծ է. անիկա եթէ փափաքի՝ կրնայ նպաստել, որ նման բանաձեւ մը վաւերացուի», աւելցուց Նոյեմի Նալպանտեան: