The European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) states that Azerbaijan’s request to Interpol for an international arrest warrant against the EAFJD President Kaspar Karampetian lacks any legal basis and is certain to be rejected by Interpol.
Interpol has already dismissed similar requests of Azerbaijan in the recent past since they are clearly politically motivated and are vain attempts of the Azerbaijani State to impose the will of the Aliyev regime on the international community. The main goal of such desperate steps of the Azerbaijani State is to fabricate cheap sensational news and to intimidate. The Azerbaijani slander is aimed at diverting the attention of the European community from the upcoming events in the European Parliament dedicated to the 30th anniversary of the Karabakh movement.
“Such absurd initiatives of the Azerbaijani State are nothing but a sign of desperation. Perhaps it would be good to remind them of the recent rejection of Interpol concerning the Azerbaijani arrest warrant against three Members of the European Parliament who visited Artsakh,” commented Karampetian.
Karampetian further elaborated: “There are no relevant international legal provisions to prevent any European citizen (be he/she a tourist, a journalist, a politician or public figure) to visit Artsakh to get acquainted with the situation on the ground. It is their right to do so. The Council of the European Union has clearly stated that EU representatives should have an unconditional access to Artsakh (Nagorno Karabakh).
“I would, therefore, like to advise the Azerbaijani Government not to waste time on such useless initiatives and take care of the violations of human rights in their country,” concluded Karampetian.
The EAFJD team, under the leadership of Kaspar Karampetian confirms that it will continue its work with even stronger enthusiasm and vigor.
European Armenian Federation for Justice and Democracy
Գասպար Կարապետեան.- Ազրպէյճանի` Ինթերփոլին իմ դէմ ներկայացուցած դիմումը անհեթեթ է
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի Ինթերփոլին ներկայացուցած դիմումը Գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանի ձերբակալման վերաբերեալ լիովին զուրկ է ոեւէ իրաւական հիմքէ եւ ինքնաբերաբար դատապարտուած է Ինթերփոլի մերժումին:
Այս վերջինս արդէն իսկ անցեալին մերժած է Ազրպէյճանի նմանատիպ դիմումները որոնք զուտ քաղաքական բնոյթ ունին եւ պարզապէս ապարդիւն փորձեր են միջազգային հանրութեան պարտադրելու Ալիեւի բռնակալ վարչակարգի կամքը:
Ազրպէյճանի նոյնանման յուսահատ քայլերու առաջին նպատակն է մամուլի մէջ աժան աղմուկ բարձրացնել եւ ընդհանրապէս վախի մթնոլորտ յառաջացնել: Այս օրերուն, երբ Եւրոխորհրդարանին մէջ պիտի նշուի Արցախեան շարժման 30-ամեակը, Ազրպէյճան կը փորձէ նման յերիւրանքներով եւրոպական hասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել։
Գասպար Կարապետեան մեկնաբանելով իր հասցէին տարածուած յերիւրանքը, ըսաւ.- «նմանատիպ անհեթեթ նախաձեռնութիւնները միայն կրնան ապացուցել Ազրպէյճանի իշխանութեան յուսահատ քայլերը: Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել Ալիեւին, թէ ինչ արագութեամբ մերժուեցաւ վերջինիս Ինթերփոլի ուղարկած թղթածրարը, որ կը բողոքէր Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորներու Արցախ այցելութեան դէմ»:
Կարապետեան շարունակեց ըսելով, թէ Ազրպէյճանի իշխանութեան առած այս քայլը ոեւէ իրաւական հիմք չունի եւ յստակ է, որ իւրաքանչիւր եւրոպացի քաղաքացի, անհատ, լրագրող կամ քաղաքական գործիչ, որ կը փափաքի Արցախ այցելել՝ իրավիճակին տեղեկանալու նպատակով, այդ իրաւունքը ունի: Աւելին՝ Եւրոմիութիւնը որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան կառոյց եւ իբր համաշխարհային ազդեցութիւն ունեցող “փափուկ ոյժ” կը հաստատէ, որ իր ներկայացուցիչները իրաւունք ունին այցելել Արցախ առանց պայմանականութիւններու:
«Ազրպէյճանի իշխանութեան կը խրատեմ, որ փոխանակ իր ժամանակը սպառելու այսպիսի ապարդիւն նախաձեռնութիւններով, զբաղի իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները լուծելով», եզրափակեց Կարապետեան:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը հաստատէ Հայ Դատի պաշտպան իր հայրենակիցներուն, որ Գրասենեակի անձնակազմը ղեկավարուելով յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ, աւելի մեծ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր գործը:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ