Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան հրաւիրուեցաւ իտալացի պատմաբան, Վատիկանի մամլոյ անձնակազմի անդամ-լրագրող, գիրքերու հեղինակ դոկտ. Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի:

Դոկտ. Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի 2015-ին Հռոմի մէջ հրատարակեց իտալերէնով Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր գիրքը` «Լա Մարսիա Սենզա Ռիթոռնօ» («Անվերադարձ երթը»), որուն կողքին վրայ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ֆրանչիսկոս պապին կատարած մէկ յայտարարութիւնը:

Նշենք, որ այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ իր նպաստը ունեցաւ Ալին Քայթանճեան-Օհանեան, որ դոկտ. Ճիանսոլտաթիի գիրքը թարգմանած է ֆրանսերէնի:

«Լա Մարսիա Սենզա Ռիթոռնօ»-ի ֆրանսերէն տարբերակի հրատարակութենէն ետք, գիրքին շնորհահանդէսը հետագային պիտի կազմակերպուի Լիբանանի մէջ:

Լիբանանահայութեան եւ անոր կառոյցներուն ծանօթանալու առիթով, դոկտ. Ճիանսոլտաթի եռօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ:

Ան այցելեց Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, որուն տպաւորութիւններու տոմարին մէջ արձանագրեց հետեւեալը.

«Թող Մարիա Ճէյքըպսընը երկնքին մէջ իբրեւ աստղ մը փայլի` իր փրկած բոլոր որբերուն կողքին: Թող Եւրոպան այս թանկագին լոյսը բացայայտ ներկայացնէ աշխարհին` պահպանելով յիշողութիւնը»:

Դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը շեշտը դրաւ արդարութեան վրայ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելեց Ցեղասպանութեան զոհերու մասունքներուն նուիրուած մատուռը:

Ան այցելեց նաեւ «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ ծանօթացաւ անոր տարբեր կառոյցներուն: Այցելութիւններու շարքին էր նաեւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը:

Դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելեց Պուրճ Համուտի ու Այնճարի քաղաքապետներուն եւ ծանօթացաւ երկու շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական կառոյցներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

aztagdaily.com