(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Երէկ` երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ լրագրութեան վարժողական ծրագիրին 13-րդ հանդիպումը:
Հանդիպումին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ներկայացման առաջին բաժինով Կիրօ Մանոյեան ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց լրագրութեան ձեւերը` անդրադառնալով լրագրութեան, թղթակցութեան եւ խմբագրութեան տարբերութիւններուն, ընդգծելով յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ` սփիւռքի հայերէնով արտայայտուող թերթերու դժուարութիւնները եւ մարդուժ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը:
Կիրօ Մանոյեան ներկայացման երկրորդ բաժինով անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերու կառոյցին, «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու, գրասենեակներու գործելաձեւը, ներկայի մարտահրաւէրները եւ աշխատանքային ոճը: Ան Հայ դատի աշխատանքներու ազդեցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով պատմական ներկայացում մը կատարեց գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու հիմնադրութեան օրերուն մասին` Միացեալ Նահանգներէն (1940-ական թուականներ) մինչեւ Եւրոպային Հայ դատի գրասենեակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ եւ այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն: Ան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքային օրինակներ ներկայացուց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:
Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց «Ապագայ լրագրող»-ներուն հարցումներուն: