(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Նոյեմբեր 12-ին Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն այցելեց Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Պարնըպի Նորթ ընտրատարածքի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատայի ծովային պահակագունդի եւ ձկնաբուծութեան հարցերու խորհրդարանական քարտուղար Թէրի Պիչ, որ իր կողակիցին հետ աւելի քան երկու ժամ հիւրը եղաւ Վանգուվըրի Համազգայինին եւ Հայ դատի յանձնախումբին։ Թէրի Պիչ մօտէն ծանօթացաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայ համայնքի հարցերուն եւ խոստացաւ յառաջիկային վերստին հանդիպիլ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։