(NOUVELLES D’ARMÉNIE) Le CDCA se félicite que le tribunal de Nanterre ait déclaré irrecevable la plainte de l’Azerbaïdjan contre les journalistes Elise Lucet et Laurent Richard et contre France Télévisions.
La justice française reconnait qu’un Etat dictatorial ne peut poursuivre en diffamation sur le sol français.
« L’Azerbaïdjan est une dictature et on peut non seulement le dire mais on peut le crier, l’affirmer et le dire sans avoir a subir ici la répression de M Aliev » a déclaré le President du CDCA Harout Mardirossian. « ceux qui comme à la faculté de droit de Nice ou dans certains cercles politico-économiques continuent a soutenir cette dictature engagent désormais leurs crédibilités et leurs consciences. » a conclu le président du CDCA.
Photo: Les deux journalistes Laurent Richard (gauche) et Elise Lucet. [Patrice Pierrot – Citizenside/AFP]
Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Ֆրանսացի Լրագրողներուն Դէմ Ազրպէյճանի Յարուցած Դատական Հայցի Անընդունելի Նկատուիլը
(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց, որ Նանթերի դատարանը անընդունելի նկատած է ֆրանսացի լրագրողներ Էլիզ Լուսեթի եւ Լորան Ռիշարի, ինչպէս նաեւ «Ֆրանս Թելեվիզիոն»-ի դէմ յարուցուած դատական հայցը:
«Ֆրանսական արդարադատութիւնը կը հաստատէ, որ բռնատիրական պետութիւն մը չի կրնար ֆրանսական հողի վրայ անուանարկութեամբ զբաղիլ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Յարութ Մարտիրոսեան յայտարարած է. «Ազրպէյճանը բռնատիրութիւն մըն է, եւ ատիկա ո՛չ միայն կրնանք ըսել, այլ նաեւ յայտարարել, հաստատել ու ըսել առանց ենթարկուելու պարոն Ալիեւի բռնաճնշումին»:
«Անոնք, որոնք, ինչպէս Նիսի արդարադատութեան կաճառին մէջ կամ կարգ մը տնտեսաքաղաքական շրջանակներու մէջ կը շարունակեն զօրակցիլ այս բռնատիրութեան, այժմ իրենց հաւաստիութիւնն ու խիղճերը գրաւի կը դնեն», եզրակացուցած է ան: