(ԱԶԱՏ ՕՐ) Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ այսօր՝ 18 եւ վաղը՝ 19 Հոկտեմբեր 2017ին պիտի գումարուի Եւրոպայի հայերու 4րդ համագումարը:
Այս համագումարը, Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ ու գիտնականներ եւ հոգեւորականներ պիտի մէկտեղէ` զրուցելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու համար հայ ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումներուն շուրջ:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն բարձրագոյն ներկայացուցիչ մը, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Եւրոպական Միութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբերու նախագահներ եւ Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներ:
Համագումարի առաջին օրը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ 18 Հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ, հայերէնը ունենալով իբրեւ աշխատանքային լեզու: Օրուան երեք կլոր սեղաններուն ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ ընդհանուր նիւթերը.-
Կլոր սեղան 1 — Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ մեր հետապնդումները Եւրոպայի մէջ
Բանախօսներ` Միհրան Տապպաղ (Bochum RUHR համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ սփիւռքի հետազօտութիւններու հիմնարկի ղեկավար) եւ Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական դատարանի փորձագէտ): Զրուցավար` Գէորգ Յակոբճեան (Armenian Legal Center for Justice and Human Rights կեդրոնի տնօրէններու խորհուրդի անդամ, Վիեննայի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի բարձրագոյն ուսման հետեւող):
Կլոր սեղան 2 — Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին հետապնդումը Եւրոպայի մէջ
Բանախօսներ` Յովհաննէս Գրիգորեան (European Friends of Armenia գործադիր տնօրէն), Մուրատ Փափազեան (MediaSchool Group ընկերութեան տնօրէն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ), Սամուէլ Մարտիրոսեան (տեղեկատուական անվտանգութեան եւ մետիա փորձագէտ): Զրուցավար` Հեղինէ Էվինեան (Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւրոպական ծրագիրներու համակարգող):
Կլոր սեղան 3 — Հայապահպանում` գոյատեւման հիմնական ազդակ
Բանախօսներ` Մհեր Գարագաշեան (Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու), Կարապետ Տաքէսեան (Կիպրոսի Մելգոնեան եւ Փարիզի «Հրանդ Տինք» վարժարաններու հայոց լեզուի դասաւանդութեան պատասխանատու, մանկավարժ), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն): Զրուցավար` դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան («Համազգային» մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ):
Երկրորդ օրուան աշխատանքային լեզուները պիտի ըլլան անգլերէն եւ ֆրանսերէն։
Յունաստանէն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայ Դատի Յանձնախումբէն ընկ. Ալիս Ֆարաճեան, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յովսէփ Պարազեան։