Սիրելի լաւալաբնակ հայրենակիցներ,
Կը վերյիշեցնենք, որ Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 5 Նոյեմբեր, 2017-ին:
Կ’ուզենք ձեր ուշադրութեան հրաւիրել, որ բոլոր անոնք որոնք 5 Նոյեմբերին չեն կրնար ընտրութեան մասնակցիլ, քաղաքապետութիւնը յաւելեալ առիթ մը կ’ընծայէ իրենց, (pre election) Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11-էն երեկոյեան ժամը 8։
Կը տեղեկացնենք ձեզի, որ Արամ Էլակէօզի ընտրական արշաւը կը շարունակուի Լաւալի Հայ Կեդրոնի 3րդ յարկէն, Երկուշաբթի 23 Հոկտեմբերէն մինչեւ 29 Հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 5-9, իսկ Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 11-էն կէսօրէ ետք ժամը 5:
Նախընտրութիւններու օրը Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11-էն երեկոյեան ժամը 8, կարիքը ունինք հեռաձայնող կամաւորներու, ինչպէս նաեւ վարորդներու:
Հայ Դատի Յանձնախումբի թեկնածուներն են գործող քաղաքապետ Մարք Տեմերս եւ Արամ Էլակէօզ:
Կը յուսանք կ’ընդառաջէք մեր կոչին եւ կը բերեք ձեր աջակցութիւնը:
Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբի կոչը քաղաքապետական ընտրութիւններուն առիթով
Սիրելի Լաւալաբնակ Հայրենակիցներ,
Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան, Կիրակի 5 Նոյեմբեր, 2017-ին:
Առ այդ կոչ կ’ուղղենք ձեզի, Լաւալաբնակ մեր հայրենակիցներ, մասնակցելու այս ընտրութիւններուն դառնալով գործօն քաղաքացիներ եւ մանաւանդ՝ լսելի դարձնելով հայութեան ձայնը:
Հայ Դատը օրն ի բուն կ’աշխատի օգտակար դառնալու մեր թեկնածուներուն: Ընտրութիւններու սեմին, կարիքը ունինք կամաւոր ձեռքերու, այս կարեւոր աշխատանքի յաջողութեան համար, ըլլան անոնք շաբաթը 2-3 ժամ հեռաձայնային արշաւով թէ աջակցելով նախընտրական գործերուն:
Պիտի խնդրէինք ընթացք տալ մեր կոչին կապուելով Լաւալի Հայ Դատի գրասենեակ՝ info@cnaq.ca ե- նամակով կամ հեռաձայնելով՝ 438-388 6771 թիւին:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
12 Հոկտեմբեր, 2017