(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին:
Երեսփոխան Բագրատունի դատապարտեց Լաս Վեկասի մէջ վերջերս արձանագրուած զինեալ յարձակումը եւ ցաւ յայտնեց բազմաթիւ անմեղ կեանքերու կորուստին համար:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին նոյնպիսի նամակ մը յղեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը: