(ԱՐՁԱԳԱՆԳ) Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձմախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Մանուկեան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կիպրոսի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեան “Ալիլէնկիի” կուսակցութեան կեդրոնի մէջ, մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը ունեցան, “Ալիլէնկի”-ի նախագահ եւ Եւրոխորհրդարանի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարեկամ՝ Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպայի մէջ ծաւալող Հայ Դատի աշխատանքները եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ զարգացող ներկայ քաղաքական իրավիճակը:
Քննուեցան նաեւ ներկայ հանգրուանին, մարդասիրական ու քաղաքական բնագաւառներէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի՝ գործնական կերպով օժանդակելու հնարաւորութիւնները:
Լուսանկար – Ձախէն՝ Յակոբ Մանուկեան, Էլէնի Թէօխարուս, Սիմոն Այնէճեան