(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2017-ին, Գանատայի Ժառանգութեան եւ Բազմամշակութայնութեան նախարարին խորհրդարանական քարտուղար, երեսփոխան Արիֆ Վիրանի աշխատանքային յատուկ այցելութեամբ մը ներկայ գտնուեցաւ Գեմպրիճի Հայ կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ: Հարկ է նշել, որ երեսփոխան Վիրանիի կ’ընկերակցէին երեսփոխաններ Պրայըն Մէյ եւ Ռաժ Սայինի:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին երեսփոխանները առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանի գործունէութեան եւ Հայ Դատի առնչուող կարգ մը հարցերու:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը հիմնականօրէն քննարկեցին Հայ Դատի յանձնախումբի յառաջիկայ կարգ մը նախաձեռնութիւնները, անոնց նկատմամբ կառավարութեան աջակցութիւնը ապահովելու հնարաւորութիւնները, Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարներն ու յետայսու ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիսը աւելի մեծ շուքով ոգեկոչելու ծրագիրները:
Հարկ է նշել նաեւ, որ նոյն օրուան յետմիջօրէին, Գանատայի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ նախարար Պարտիշ Չակըրի եւ երեսփոխաններ Արիֆ Վիրանիի, Պրայըն ՄԷյի, Ռաժ Սայինիի եւ Մարուան Թապպարայի հովանաւորութեամբ, Գեմպրիճի Իսլամական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի խորհրդակցական հաւաքոյթ մը, որուն նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած էր Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի պատուիրակութիւնը: Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին տարբեր համայնքներէ ժամանած ներկայացուցիչներ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցեցին իրենց յուզող շարք մը հարցեր, որոնց վերաբերեալ նախարարն ու երեսփոխանները խոստացան կառավարութեան փոխանցել համապատասխան յանձնարարականները:
Լուսանկար. Ձախէն՝ ընկ. Վրէժ Գասամանեան, Պրայըն Մէյ, Արիֆ Վիրանի, Ռաժ Սայինի, ընկ. Սեւակ Պէլեան: