ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին, Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի հետ հանրային հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 13ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut Street, Glendale, California 91204)։
Մելիքեան տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող զինադադարի խախտումներուն եւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ու միջազգային ճանաչում ապահովելու ջանքերուն վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին։