Ակնոցներ՝ Արցախի երեխաներուն

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է, որ կեն­սա­կան իւ­րա­յա­տուկ օ­ժան­դա­կու­թիւն մը կը հաս­նի Ար­ցա­խի կա­րի­քա­ւոր ե­րե­խա­նե­րուն, շնոր­հիւ յոյն բա­րե­րար պրն. Ս­թաւ­րոս ­Քո­յի­սի ազ­նիւ մա­տուց­ման։ Ան­ցեալ տա­րուը­նէ սկիզբ ա­ռած այս ծրագ­րի հի­մամբ, մար­դու տե­սո­ղու­թիւ­նը սրբագ­րող ակ­նոց­ներ կը ղրկո­ւին Ար­ցախ՝ ­Սի­րոս կղ­զիին մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած ակ­նա­գործ պրն. Ս­թաւ­րոս ­Քո­յի­սի կող­մէ։
­Ծա­նօթ է ար­դէն ­Սի­րոս կղզիի բնա­կիչ­նե­րուն ազ­նիւ հո­գա­տա­րու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խէն ա­մէն ա­մառ կղզի ժա­մա­նող ե­րե­խա­նե­րուն հան­դէպ։ Իւ­րա­քան­չիւր յոյն բնա­կիչ, իր մաս­նա­գի­տու­թեան կամ աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէ­զին բե­րու­մով, ի­րենց նուէրներով, տա­րի­նե­րէ ի վեր, կ­’օ­ժան­դա­կեն ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ծրա­գիր­նե­րուն։ Պրն. ­Քո­յիս մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը կա­տա­րէ այս մա­տու­ցու­մը, ակ­նոց­նե­րը պատ­րաս­տե­լով եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին մի­ջո­ցաւ Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րուն ձրիա­բար բաժ­նե­լով, օ­րի­նա­կե­լի եւ տի­պար իր կե­ցո­ւած­քով՝­ սա­տա­րե­լով հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ Իր այս մա­տուց­ման հա­մար, պրն. ­Քո­յի­սին շնոր­հա­կա­լու­թեան նա­մակ­ներ ղրկո­ւած են ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար ­Կա­րի­նէ Ա­թա­յեա­նի կող­մէ, ուր գրո­ւած է հե­տե­ւեա­լը.-
«Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ենք յայտ­նում հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այն պար­բե­րա­կան հո­գա­ծու­թեան հա­մար, որ ­Դուք ցու­ցա­բե­րում էք Ար­ցա­խի մա­նուկ­նե­րի հան­դէպ։ Ար­դէն երկ­րորդ ան­գամն է՝ թի­ւով 25 ե­րե­խայ ստա­նում է ­Ձեր տրա­մադ­րած ակ­նոց­նե­րը։ Դ­րանք, իս­կա­պէս, մեծ օ­ժան­դա­կու­թիւն են տե­սո­ղու­թեան խնդիր­ներ ու­նե­ցող կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րի հա­մար։
«­Մենք բարձր ենք գնա­հա­տում ­Ձեր ան­շա­հախնդիր նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը եւ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դին։ «­Վերս­տին շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ ­Ձեր մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ ­Յար­գան­քով՝ ­Կա­րի­նէ Ա­թա­յեան»։