ANC Lebanon Sends Letter of Condolences to the Ambassador of the United Kingdom

The Armenian National Committee of Lebanon in a letter addressed to H.E. Hugo Shorter ambassador of the UK in Lebanon condemned the latest terrorist attack in London and reaffirmed its solidarity with the UK & its people.

Երեսփոխան Բագրատունի Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով Դատապարտեց Լոնտոնի Մէջ Կատարուած Յարձակումը

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրին` դատապարտելով Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը:

Բագրատունի իր նամակին մէջ նաեւ խոր ցաւ յայտնեց արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար: Դեսպանին ցաւակցութիւն յայտնելու կողքին, ան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց այս նորագոյն ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին: Մարմինը դատապարտեց շաբաթ օրուան դէպքը` վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին: