Հ.Յ. Դաշնակցութեան հանդիպումները Եւրոպայի ընկերվարականներուն հետ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւան, 2017թ. Մայիս 30) – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այսօր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինք (Progressive Alliance of Socialists and Democrats) խմբակցութեան եւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ։

Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեանը եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։

Առաջին հանդիպումը կայացաւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ, Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու խմբակցութեան ղեկավարներու հետ. կը մասնակցէին խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով փոխ-նախագահ Վիքթոր Պոշթինարուն (Ռումանիա), Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ խմբակցութեան համակարգող Քնութ Ֆլեքընշթայնը (Գերմանիա) եւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Սերգէյ Սթանիշեւը (Պուլկարիա)։ Եւրոպացիներուն փոխանցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին զարգացումներու մասին Հ.Յ.Դ.-ի գնահատականները եւ կեցուածքները. միասնաբար որոշումներ առնուեցան երկու խմբակցութիւններուն միջեւ 2016-ի Յուլիս 6-ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրին հիման վրայ յառաջիկայ քայլերու մասին։
Երկրորդ հանդիպումը կայացաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեան միջազգային հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Կիագոմօ Ֆիլիպէքի հետ։ Արծարծուեցան երկու կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ տարածաշրջանին մէջ համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու հնարաւորութիւնները։

1992-ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութիւնը (Ե.Ը.Կ. / PES) կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ։ PES-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան և անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, PES-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 անդամ պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 191 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինքը։

Լուսանկար – Ձախէն՝ Գասպար Կարապետեան, Ճիաքոմօ Ֆիլիպէք, Արմեն Ռուստամյան, Կիրոյ Մանոյեան

ARF-D Delegation Meets with European Socialist Leadership

(ARF-D Press Office) BRUSSELS, Belgium — On May 30, a delegation of Armenian Revolutionary Federation-Dashnaktsutyun (ARF-D) representatives held meetings with the leadership of the Progressive Alliance of Socialists and Democrats (S&D) and the Party of European Socialists (PES).

The ARF-D delegation, which was headed by ARF-D Bureau member and head of the party’s Parliamentary faction Armen Rustamyan, included ARF-D Bureau member Giro Manoyan and the President of the European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) Kaspar Karampetian.

The first meeting was held in the European Parliament with the leadership of the Progressive Alliance of Socialists and Democrats. S&D Group Bureau Vice President, responsible for foreign policy, member of the Committee on Foreign Affairs, Victor Boştinaru (Romania); member of the Committee on Foreign Affairs, S&D coordinator Knut Fleckenstein (Germany), and President of the Party of European Socialists, MEP Sergei Stanishev (Bulgaria) participated in the meeting.

Discussions during the meeting included the recent developments in Armenia as well as what the ARF-D expects and foresees. A decision was then made for further cooperation between the participating parties based on an agreement that was signed on July 6, 2016.

The second meeting was held at the Party of European Socialists headquarters with the Deputy Secretary General of the Party of European Socialists Giacomo Filibeck. The parties touched upon the potentials of furthering their cooperation as well as of taking joint initiatives regarding the wider region.

Founded in 1992, the Party of European Socialists (PES) brings together the Socialist, Social Democratic, Labor and Democratic Parties of its 33 full members. PES has 13 associate parties coming from either EU member or candidate states, and 12 observer parties from outside the EU territory. The ARF-D holds the status of an observer party.

The PES is represented in all the European institutions by its member organizations and leaders. In the European Parliament, the PES is represented by the Progressive Alliance of the Socialists and Democrats. The PES is also represented at the European Commission. Currently, eight of the European commissioners belong to PES member parties including commission vice president and High Representative of the European Union for Foreign Affairs and Security Policy Federica Mogherini.

It consists of 191 members -thus comprising the second largest group in the EP, the Progressive Alliance of Socialists and Democrats (S&D)- and is the only political group in the European Parliament with representatives from all 28 member states.