ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

(ԱԶԴԱՐԱՐ, 26 Մայիս) Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, քուէյթահայութիւնը «Շիրաթոն» Պանդոկի «Տայմոնտ» ճաշասրահէն ներս, սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Երեկոն սկիզբ առաւ Վեհափառ Հայրապետին աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար` Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ըսելով. «Վեհափառ Տէ՛ր, Ձեր նկատողութիւնը ճիշդ էր, որ մեր համայնքի զաւակներու դէմքերուն վրայ եւ աչքերուն մէջ կ՚երեւին երջանկութեան ու անյագուրդ ուրախութեան շողեր: Երջանկութիւն մը, որ յատուկ է տօնական եւ հարսանեկան օրերու: Բոլորին մօտ կը նշմարուէր հպարտախառն ինքնավստահութիւն մը եւ յաղթանակի ու գոհունակութեան խառն զգացողութիւն մը: «Այդ երջանկութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել հետեւեալ կէտերուն մէջ.- ա) Տասնեակ տարիներ կը կարծուէր որ սեփական եկեղեցի կառուցելը լոկ երազային ձգտում մըն էր, իսկ այսօր անիկա շօշափելի իրականութիւն դարձած է իր ամբողջ շքեղութեամբ: բ) Մեր ժողովուրդը ուրախ է, նաեւ այն պատճառով, որ մեր հաւատքի հզօրացման երաշխիքը հանդիսացող այս նորաշէն սրբավայրը կառուցուած է հայ մտքի ծրագրումով, հայ ժողովուրդի լումայով, հայու բազուկով, հայ ճարտարապետի ստեղծագործութեամբ, հայկական ընկերութիւններու ինքնաբուխ եւ անվարան օժանդակութեամբ: գ) Նաեւ ուրախ ենք, որ մեր եկեղեցին արժանացաւ Ձերդ Սրբութեան սուրբ օծումին: դ) Մեր վերջին եւ կարեւորագոյն ուրախութեան պատճառը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ 2011-ին Կիլիկիոյ Աթոռի Գահակալին մեր ուսերուն դրած պարտքը փակած ենք լիիրաւ կերպով»:
Ապա գործադրուեցաւ իւրայատուկ գեղարուեստական յայտագիր, բաղկացած հետեւեալներէն.-
– ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ` Խաչատուր Աւետիսեանի «Տաւիղ»ը, Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու Պար»ը եւ Կոմիտասի «Չինար Ես» երաժշտական հատուածները, Կատարողութեամբ` Հայկուհի Բազեանի (Դաշնամուր) եւ Թամար Թէմամեանի (Ջութակ):
– Մեներգ` «Բարի Հայրիկ» Կատարողութեամբ` Ռոստոմ Սարգիսեանի:
– Երաժշտական մատուցում` Ալեքսանտր Յարութիւնեանի եւ Առնօ Պապաճանեանի «Armenian Rapsody», Կատարողութեամբ` Փաթիլ Զաքարեանի, Համադրում` Փաթիլ Զաքարեանի
– «Նոր Եկեղեցին Պատկերներով»: Սոյն յայտագրով ներկաները հետեւեցան նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական հանգրուաններուն, ուր երեւան ելան եկեղեցւոյ Ճարտարապետներ` Գրգիոր Պետիրեանի, Պետրոս Պետիրեանի եւ Ճարտարագէտ` Պարգեւ Տէմիրճեանի ճարտարագիտական եւ արհեստագիատկան հմտութիւնները, որոնց շնորհիւ այսօր Քուէյթահայութիւնը տիրացաւ գեղատեսիլ եկեղեցիի մը:
– Մեներգ` Կոմիտասի «Կռունկ»ը, Կատարողութեամբ` Ատոմ Քէհեայեանի Նուագակցութեամբ` Հայկուհի Բազեանի
– Ասմունք` Ժագ Յակոբեանէն եւ Վահան Թէքէեանէն համադրում, Կատարողութեամբ` Կիլտա Պէրպէրեանի, Մայտա Թադոյեանի եւ Հուրի Փիլաւճեանի: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Յարութ Պետիրեանը, որ համայն քուէյթահայութեան անունով նախ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին, ապա իր խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան ըսաւ. «Օրհնաբեր օրեր ու մեծ պատիւ է մեզի համար Ձեր ներկայութիւնը մեր գաղութէն ներս: Ձերդ Սրբութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դրաւ հաւատքի առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան բեղմնաւոր ճանապարհներուն վրայ` հաւատքով, ամբողջական նուիրումով, գիտակից յանձնառութեամբ ու վառ տեսիլքով: Դուք ամբողջական գիտակցութեամբ, գերմարդկային ճիգերով եւ պատուաբեր նուաճումներով հարստացուցիք մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքը: Անթիլիասը ճառագայթեց թեմերէն ներս, եղաւ հոգեկան, մտային ու ֆիզիքական ներկայութիւն»: Անդրադառնալով միջազգային հարթակներու վրայ Վեհափառ Հայրապետի վարած լայնածաւալ գործունէութեան ըսաւ. «Դուք յարաբերութիւններու հսկայ շրջագիծ մը ստեղծեցիք եկեղեցական, քաղաքական շրջանակներու ու ղեկավարներու հետ: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ախոյեանը դարձուցիք եկեղեցիներու միութեան շարժումին եւ երկար տարիներ ղեկավարեցիք այդ շարժումը: Ձեր բոլոր ճիգերը ի գործ դրիք` Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախի հարցին համար: Ախոյեանը եղաք Հայ Դատի համար մղուած պայքարին: Քուէյթահայութիւնը այսօր կու գայ վերահաստատելու եւ ամրագրելու իր պատկանելիութիւնն ու ամբողջական հաւատարմութիւնը` Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին: Այս պատկանելութիւնը լոկ վարչական կապ մը չէ մեզի համար, այլ գիտակցութիւն է` պատմութեան եւ ազգային անժամանցելի արժէքներուն, Հայ Դատ է, Արեւմտահայաստան է եւ Կիլիկիա է: Մենք բոլորս հպարտ ենք Ձեզմով եւ կը մաղթենք Ձեզի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարատեւ յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: Բոլորս հաւատքի առաքելութեան եւ ծառայութեան ծառաներն ենք` Ձեր գլխաւորութեամբ»: Եզրափակելով իր խօսքը Պրն. Պետիրեան ըսաւ. «Այսօր Քուէյթի Երեսփոխանական Ժողովի եւ մեր գաղութի բոլոր գործող մարմիններու անունով կը ներկայանանք Ձերդ Սրբութեան, Ձեզի աւետելու եւ ինքնավստահօրէն յայտարարելու, թէ մեր հաւաքական ուխտը կատարած ենք եւ այսօր եկեղեցւոյ սեփական շէնքը յաղթական ներկայութիւն է Քուէյթի գաղութին համար»: Յիշատակութեան արժանի է, որ նշեալ երեկոյին Քուէյթի մօտ Լիբանանի Դեսպան՝ Մահէր Խէյր իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, այս աննախընթաց իրադարձութեան համար եւ շնորհաւորեց քուէյթահայութիւնը ի տես այս մեծ նուաճումին: Քույէթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով. «Վեհափառ Տէր, Ձեր մեկնումէն ետք մեզի պարգեւած այս յիշարժան օրերը, պահերն ու ապրումները հպարտութեամբ, հրճուանքով եւ ուրախութեամբ լեցուցին մեր սիրտերը: Ուստի, կը խոստանանք եւ կ՚ուխտենք, որ նոյն ուրախութիւնը, ցնծութիւնն ու ջերմեռանդութիւնը պիտի պահենք մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, Ձեր պատգամները, ցուցմունքները եւ խրատները միշտ կենդանի պահելով մեր յիշողութեան եւ առօեային մէջ»: Ապա իր խօսքը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետին՝ ըսաւ. «Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գերագոյն իշխանութիւն մեզի համար Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ մեծագոյն հպարտանք է: Եւ ինչպէս դուք Վեհափառ Տէր 2017 տարին «Վերանորոգման Տարի» հռչակեցիք, Ձեր ներկայութիւնը թէ՛ օրհնութեան եւ թէ՛ վերանորոգութեան առիթ մը պէտք է հանդիսանայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, թէ՛ որպէս հոգեւորական եւ թէ որպէս աշխարհական Ձեր սուրբ քայլերուն հետեւելու եւ մեր կեանքին մէջ Ձեզ ընդունելու որպէս տիպար ղեկավար, առաջնորդ եւ Հայրապետ, որ կրցաւ հայ ժողովուրդը առաջնորդել դէպի խաղաղ նաւահանգիստ»: Գերապատիւ Հայր Սուրբը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Քուէյթի նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման եւ Ազգային Առաջնոդարանի բացման առիթով ազգային իշխանութեան կողքին կանգնած ազգային բարերարներուն եւ նուիրատուներուն՝ ըսելով. «Անոնք ընդհանրական ցաւը բաժնեցին, մտահոգութիւնը կիսեցին, յոյս ներշնչեցին եւ իրենց նիւթական ներդրումներով՝ յաջողութեամբ պսակուեցաւ մեզի վստահուած գործը»։ Ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը շքանշաններով պարգեւատրելու հետեւեալ անձերը.-
Անուշաւան Նազարեան «ԻՇԽԱՆ»ի շքանշան
Ֆիլիփ Փաթաթանեան «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշան
Գրիգոր Սուագճեան «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշան
Տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշան
Յակոբ Պետիրեան «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշան
Մունիր Դարբինեան «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշան
Կոստանդին Մոմճեան «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»ի շքանշան
Եղիա Կարպուշեան «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»ի շքանշան
Որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը Յուշանուէրով մը պատուեց նաեւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանը:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր խրախուսիչ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խօսքը իր գործն է, եւ իր գործը էապէս ծառայութիւն է: Արդ, իմ փափաքս է, որ այս գաղութին մէջ, ծառայողներուն, գործողներուն, բարերաներուն եւ նուիրատուներուն թիւը բազմանայ, որպէսզի իրենցմով մենք հզօրանանք»: Կարեւորելով ժողովուրդի մը երազանք ունենալու անհրաժեշտութիւնը Հայրապետը ըսաւ. «Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ երազ չունի: Ժողովուրդներ իրենց ազգային գաղափարախօսութիւնը կը վերածեն ամենօրեայ տագնապի: Այսպէս է նաեւ մեր ժողովուրդը Սփիւռքի տխուր պայմաններուն մէջ: Հարիւր տարիէ ի վեր ցեղասպանութենէն ետք բաժան բաժան եղանք, գաղթական դարձանք, սակայն մնացինք հայ, որովհետեւ ամէն օր հայ ըլլալը մեզի համար պիտակ չէր, տագնապ էր: Որոշեցինք հայ մնալ եւ մնացինք: Հետեւաբար, սիրելի՛ Քույէթի Հայութիւն, եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի շինութիւնը վստահ եմ որ ձեզ պիտի համախմբէ այս կեդրոնական կառոյցներուն շուրջ»: Որպէս եզրակացութիւն Վեհափառ Հայրապետը հայութեան համախումբ ներկայութիւնը կարեւորելով՝ ըսաւ. «Հայութիւնը Հայ Դատ է, համախումբ ներկայութիւն է եւ մասակցութիւն է մեր հաւաքական կեանքին, եւ անկէ հեռու ես չեմ կրնար հայութիւն երեւակայել: Հայութիւնը, ինքնակեդրոն, անձնակեդրոն գոյութիւն մը չէ, այլ հաւաքական ներկայութիւն է, հաւաքական կեանք է, հաւաքական պայքար է մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Ահաւասիկ կառուցեցիք ձեր հաւատքի տունը: Պատի՛ւ ձեզի: Նոյն գիտակցութեամբ վստահ եմ, որ պիտի աւելի ծաղկեցնէք ձեր համայնքը, բառին ամբողջական իմաստով: Ապրի՛ք, հազար ապրի՛ք Քուէյթի հայութիւն»: Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք, առաջնորդ Հայր Սուրբը բեմ հրաւիրեց Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի Դիւանը, որ Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց գեղեցիկ յուշանուէր՝ խաչ մը, առ ի երախտագիտութիւն անոր բոլորանուէր ծառյութեան եւ Քուէյթահայութեան հանդէպ ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան ու քաջալերանքին։ «Պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական այցելութիւնը Ի Քուէյթ, Քուէյթահայութեան յիշողութեան մէջ անջնջելի դրոշմ մը ուրուագծելով, որ գոհունակ սիրտով բաժնուեցաւ սրահէն իր հետ տանելով «Քուէյթահայութեան Պատմական Սխրագործութիւնը» վերնագրեալ գրքոյկը, որ ինքնատիպ եւ բծախնդիր աշխատանք մըն էր, անմահացնելու քուէյթահայութեան պատմական երթը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ: