(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամ եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հիւսիսային Ամերիկեան իր շրջագայութեան ծիրէն ներս, Մայիս 1-ին այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան, ուր տնօրէնուհի Լենա Գատեան, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները դիմաւորեցին զինք աղ ու հացով, դրօշակներով եւ խմբերգով։ 5-րդ դասարանի աշակերտները Դալար Հարպոյեանի ղեկավարութեամբ երգով դիմաւորեցին զինք, որմէ ետք ան մուտք գործեց «Բաստրմաճեան» թատերասրահ, ուր 1 ժամ տեւողութեամբ երկրորդականի աշակերտներուն հետ հանդիպում ունեցաւ եւ խօսեցաւ Թուրքիոյ հայ համայնքին մասին եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Կարօ Փայլան ստորագրեց դպրոցի յուշամատեանին մէջ։
Նշենք, որ Կարօ Փայլան միջ-համայնքային կազմակերպութիւններու միացեալ նախաձեռնութեամբ Ապրիլ 30-ին եւ Մայիս 1-ին յաջորդաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքներու ընթացքին ելոյթներ ունեցաւ, որոնց մասին կ’անդրադառնանք մեր յառաջիկայ թիւով եւ համացանցային մեր կայքէջով։ Երկու հաւաքներու ընթացքին ներկայ եղան աւելի քան 3000 հայորդիներ: Կարօ Փայլանի այս այցելութիւնը հովանաւորուած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։