(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ, Մայիս 1) Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Սենթ Գաթրինզի միացեալ յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ Սենթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներուն, Կիրակի 23 Ապրիլ, 2017-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Ամեակի պաշտօնական ոգեկոչումը։ Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի, հարիւրաւոր հայորդիներ հաւաքուեցան Սենթ Գաթրինզի նորակառոյց յուշարձանին առջեւ, ուր ձեռամբ Արժ. Տ. Միւռոն Քհն. Սարգիսեանի տեղի ունեցաւ հոգիհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ կը գտնուէին Սենթ Գաթրինզի Քաղաքապետ՝ Ուալթըր Սենծիք, Դաշնակցային Խորհրդարանի անդամ՝ Քրիս Պիթլ, Նահանգային Խորհրդարանի անդամ եւ Օնթարիոյի նահանգային կառավարութեան ատենախօս՝ Ճիմ Պրատլի, Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, մշակութային, քաղաքական, ընկերային եւ լրատուական այլ միութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութեանց ներկայացուցիչները։
Յայտագրի հանդիսավար՝ Օրդ. Քարին Օհանեանի բացման խօսքէն ետք, ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ «Յառաջ» Վարժարանի աշակերտները, ընկերակցելով գաղութի երիցագոյն անդամներէն՝ Ընկ. Սեպուհ Թոքաճեանի, միասնաբար վարեցին յաւերժութեան ջահը։ Ապա, Սենթ Գաթրինզի տեղական Հայ Դատի յանձնախոմբի անունով խօսք առաւ Ընկ. Միսակ Պէլեան: Ան յակիռճ տողերու մէջ փոխանցեց օրուան խորհուրդը եւ յատկապէս ընդգծեց Հայ ժողովուրդի պահանջատէր մնալու անհրաժեշտութիւնը: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Քաղաքապէտ Սենծիք, եւ Երեսփոխան Պիթլ, որոնք նմանապէս անհրաժեշտ նկատեցին նման դէպքերու նշումն ու անոնց նկատմամբ տարուող եւ դէռ տարուելիք հետեւողական աշխատանքնրու շարունակութիւնը։ Սենծիք եւ Պիթլ միանշանակ դրուատեցին Գանատահայութեան քաղաքական ջանքերը որոնք ի գործ կը դրուին ի խնդիր արդարութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման։
Ընտրեալ պաշտօնատարներու խօսքերէն ետք, յայտագրի հանդիսավարը բէմ հրաուիրեց օրուան բանախօս եւ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ՝ Ընկ. Սիմոն Իզմիրեանը, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Թորոնթոյէն։ Ընկ. Իզմիրեան իր հակիրճ, սակայն ազդեցիկ բանախօսութեան ընդմեջէն ներկայացուց համառօտ բաղդատական մը Թուրքիոյ վարած մերօրեայ քաղաքականութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ որդեգրուած 1915-ի քաղաքականութեան միջեւ։ Ան նշեց թէ շատ բան չէ փոխուած եւ թէ հայութիւնն ու համայն մարդկութիւնը իրաւունք չունի անտարբեր մնալու Հայ դատին նկատմամբ։ Եզրափակելով իր խօսքը, Իզմիրեան ընդգծեց, թէ ոգեկոչման ու ճանաչման փուլը աւարտելով, համայն հայութիւնը այսօր պատրաստ է ներկայացնելու իր յստակ պահանջները, որուն արդար նուաճումը կարիքը ունի միասնական եւ աննահանջ աշխատանքի։
Ընկ. Իզմիրեանի խօսքէն ետք, բեմ հրաուիրուեցաւ Արժն. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, որ իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, Պահպանիչով փակեց օրուայ հանդիսութիւնը։