ԸՐՎԱՅՆ.- Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքին, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀԵԴին, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն, Մինասեան վարժարանին եւ համայնքային այլ կազմակերպութեանց միացեալ ջանքերով կարելի եղած է ձախողութեան մատնել Ապրիլ 23ը քաղաքին մէջ «Թրքական ժառանգութեան եւ երեխաներու օր» հռչակելու քայլը, որուն նպատակն էր շուքի տակ ձգել Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումները։
Այս շաբթուան սկիզբը, Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքի անդամները սկսան դիմելու քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդի բոլոր անդամներուն՝ անոնց բացատրելով թրքական կազմակերպութեան ջանքերով ներկայացուած սոյն բանաձեւին իսկական նպատակը, որն էր՝ հակադարձել Օրենճ Քաունթի գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ անցեալ տարի վաւերացուած եւ տակաւին ի զօրու մնացող այն բանաձեւին, որ Ապրիլ 24ը կը հռչակէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր։
Քաղաքապետ Տանըլտ Ուեկնըր եւ քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամները արդարացի գտած են հայութեան բողոքը՝ Ապրիլ 5ի յետմիջօրէին կայացած ժողովի օրակարգէն հանելով թրքական բանաձեւին քննարկումը։