(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ արձանագրուած պայթումին հարցով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի:
Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց յարձակումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի ցաւակցագիր մը յղելով Ռուսիոյ դեսպանին` խոր ցաւ յայտնեց անմեղ կեանքերու կորուստին համար եւ դեսպանէն խնդրեց Հայ դատի մարմինի կարեկցանքն ու զօրակցութիւնը յայտնել Ռուսիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին: